Առցանց հանդիպում Ուսուցչական կազմին հետ

Երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 7-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան՝ առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Շարժայի Յարութ Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմին հետ: Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պրն. Յարութ Գալմաճեան կատարեց հանդիպման բացումը շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն: Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Վարդուկ Փիլիպոսեան — Գարակիւլլէեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն հանդիպման կազմակերպութեան: Սրբազան հայրը ողջունելէ ետք ներկաները, առիթ տուաւ որ իւրաքանչիւր ուսուցիչ — ուսուցչուհի ամփոփ կերպով անդրադառնայ 2020 -2021 ուսումնական տարեշրջանի տարուած աշխատանքներուն եւ տպաւորութիւններուն մասին, յատկապէս համաճարակի պատճառով տեղի ունեցող հեռաւոր ուսման դրութեան ու ծրագիրներուն մասին: Ընդհանրապէս ուսուցչական կազմին արտայայտութիւնները ու տպաւորութիւնները իրենց աշխատանքներուն վերաբերեալ...

Read More

Քրիստոս Խաղաղութիւն կու տայ

Շաբաթ 13 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Ա.Մ.Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Քրիստոսի Տաճար ընծայման Տեառնընդառաջի տօնը։ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիի արարողութեան նախագահեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց, Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան։ Սրբազան Հօր պատգամը կեդրոնացաւ հիմնական երկու կէտերու շուրջ՝ Ա.- Խաղաղութիւնը փնտռել Քրիստոսի մօտ։ Սիմոն ծերունիի օրինակ ունենալ խաղաղութիւնը գտնելու Քրիստոսը գրկելու մէջ, եւ ոչ մեր կեանքը ժամանակաւոր խաբկանքներով զարդարող երեւոյթներով։ Բ.- Աւանդապահութիւն։ Ղուկասու աւետարանի 2-րդ գլուխի 22-38 համարները ներկայացնող դէպքը, արտայայտութիւնն է Մարիամին եւ Յովսէփին Մովսիսական օրէնքի, պահպանութեան երեւոյթ մը որ պէտք է մեզ միշտ քաջալերէ պահելու եւ մեր զաւակներուն...

Read More

Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան Կը Վերընտրուի Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ատենապետ

Երկուշաբթի 25 Յունուար 2021-ին առաւօտուն, աւելի քան 10 տարիների է ի վեր ծոցի երկիրներէ ներս գործող Եկեղեցիներու Խորհուրդը առցանց կ’ունենայ իր տարեկան ընդհանուր ժողովը, օրակարգ ունենալով՝ եկեղեցիներուն գործունէութիւնը ներկայ պայմաններէն ներս, յարաբերութիւններ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին հետ, տնտեսական կացութիւն եւ նոր գործադիր վարչութեան եւ ատենապետի ընտրութիւն: Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը անցնող շրջանին ընտրուելով սոյն խորհուրդին ատենապետը, շուրջ 3 ժամ տեւող առցանց տեղի ունեցած ժողովին ատենապետեց եւ զեկուցեց անցնող տարուայ ընթացքին կատարած իր աշխատանքներուն մասին: Գործադիր վարչութիւնը նկատի ունենալով նոր ատենապետին ընտրութեան օրակարգը, միաձայնութեամբ փափաք յայտնեցին որ Թեմիս Առաջնորդը, շարունակէ Ծոցի...

Read More

Առցանց Հանդիպում Պետական Ներկայացուցիչին Հետ

Ապու Տապիի կառավարութեան փոքրամասնութիւններու գրասենեակի տնօրէնի հրաւէրին ընդառաջելով, Չորեքշաբթի 20 Յունուար 2021-ին առաւօտուն Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան առցանց հանդիպում մը ունեցաւ գրասենեակի տնօրէնին հետ: Ժողովի ընթացքին գրասենեակի տնօրէն Դոկ․ Մուղիր Ալխէյլի, շնորհակալութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնեց Սրբազան հօր մնայուն գործակցութեան համար: Սրբազան հայրը իր կարգին, մեծապէս գնահատեց գրասենեակի կողմէ տարուած աշխատանքը, անոնց ցուցաբերած հետաքրքրութիւնն ու օժանդակութիւնը ընդհանրապէս, եւ մասնաւորաբար համաճարակի ընթացքին քորոնավիրուսի դէմ պայքարելու տրամադրուած բոլոր միջոցներուն համար: Նաեւ այս առիթէն օգտուելով, Սրբազան հայրը իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնեց անցնող շաբթուայ ընթացքին Ապու Տապիի հայ գաղութին յատկացուած քորոնա ժահրի պատուաստ ստանալու գրասենեակի աշխատանքներուն: Դիւան Ազգային...

Read More

Քրիստոսի Ծնունդը Խաղաղութեան եւ Միասնականութեան Նշան

Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2021-ին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան: Սրբազան հօր պատգամը կեդրոնացաւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան խորհուրդի մասին, մատնանշելով հիմնական երկու կէտէր՝ երկինքէն Աստուծոյ միջոցաւ տրուած առողջութեան եւ Քրիստոսի Ծնունդով աշխարհ բերած խաղաղութեան: Քարոզին աւարտին Սրբազան հայրը մաղթեց որ 2021 տարին ըլլայ Ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան տարի, ինչպէս նաեւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած որ իմաստութեամբ եւ խոհեմութեամբ ղեկավարուի Հայրենիքն ու Արցախը հեռու մնալով պառակտումներէ: Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս...

Read More

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան 22-րդ Տարեդարձ

Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2020-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմէն ներս, նշուեցաւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական առաջին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան 22-րդ տարեդարձը: Այս առիթով եկեղեցիէն ներս տեղ ունեցող հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, ուր իր պատգամին մէջ հիմնական օրէն անդրադարձաւ եկեղեցւոյ գործունէութեան կարեւորութեան մասին, մատնանշելով որ 21-րդ դարու հայ հոգեւորականը եկեղեցին իր պատերէն անդին տանելու հրամայականին տակ կը գտնուի այսօր: Ինչպէս նաեւ Սրբազան հայրը քարոզին աւարտին յատուկ կերպով իր գնահատանք ու շնորհակալութիւնը յայտնեց, անցնող տարիներու ընթացքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ համալիրի առաքելութեան յաջողութեան մասնակից դարձող, հոգեւոր հայրերուն, ազգային...

Read More

Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան Կ՛այցելէ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

Հինգշաբթի 1 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Հ. Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան՝ Պրն. Մհեր Մկրտումեանի հետ։ Աւելի քան 1 ժամ տեւող հանդիպումը կեդրոնացաւ վերջին օրերու ընթացքին Արցախի դէմ տեղի ունեցած պատերազմին շուրջ։ Այս առիթով Սրբազան Հայրը յանուն Ազգային իշխանութեանց, Հոգեւորականաց դասուն եւ Թեմի ժողովուրդին իր զօրակցութիւնը յայտնեց պարոն դեսպանին, մաղթելով Հայրենիքի անդորրութիւնը վտանգող այս պատերազմը, խաղաղութեան եւ յաղթանակի առաջնորդէ Հայաստանն ու Արցախը։ Նշենք՝ որ անցնող օրերու ընթացքին Սրբազան Հայրը մնայուն կապի մէջ էր Հ.Հ. Դեսպանին եւ Տուպայի ու Հիւսիսային Էմիրութեան Հիւպատոսին հետ Արցախեան պատերազմի նորութիւններու մասին։ Այս Առիթով...

Read More

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Հայ Գաղութի Պատմութիւն

Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու թեմը կազմուած է Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի, Քաթարի, Օմանի, Սուէտական Արաբիոյ հայ եկեղեցւոյ զաւակներէն։ Կ՚ըսուի թէ 16-րդ դարու սկիզբէն հայերը գործի բերումով, բնակած են Ծոցի երկիրներուն մէջ, հայ վաճառականներ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ տեղի ունեցած առեւտուրի հիմնական կազմակերպիչներն էին։ Դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մեծաթիւ գաղթը սկսած է 1975-էն ետք, գաղթը կը շարունակուի մինչեւ օրս, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Պարսկաստանէն, Եգիպտոսէն, Իրաքէն, Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Եւրոպական երկիրներէն, Ամերիկայէն եւ Գանատայէն։ Ուրիշ ազգերու նման, հայեր եւս աշխատանքի բերումով տեղափոխուած են եւ բնակութիւն հաստատած Ա.Մ.Է. մէջ։ Անցեալին այդքան դիւրին չէ եղած աշխատիլ եւ ապրիլ տաք եւ խոնաւ անապատին մէջ, սակայն երկրին տնտեսական կայուն վիճակը, ազատ մթնոլորտը եւ միջազգային ներդրումները ապահոված են գործի անվտանգութիւն եւ հետեւաբար աւելի հանգիստ կենցաղային պայմաններ։ Հայերու հոսքը դէպի Էմիրութիւններ աւելցած է տարուէ տարի։ Վճակագրական տուեալներ չկան ճշգրիտ հաստատելու համար, թէ որքան է Ա.Մ.Է. մէջ ապրող հայերու ընդհանուր թիւը։ Այսօրուան պայմաններով մօտաւոր հաշուարկներով կը գնահատուի 5000-6000։ 1977-ին Տուպայի Սուրբ Երրորդութիւն Անգլիական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է հայ ծէսով առաջին պատարագը, ապա Քուէյթէն եւ Անթիլիասէն պարբերաբար հրաւիրուած են հոգեւոր հովիւներ։ 1979-ին Արաբական Ծոցը դարձաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդութիւն, ենթակայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, նիւթապէս եւ բարոյապէս համարատու անոր։ 1980-ին կազմուեցան Տուպայ-Շարժայի եւ Ապու Տապիի առաջին Ազային Վարչութիւնները, հիմը դրին Շարժայի եւ Ապու Տապիի միօրեայ վարժարաններուն, հայրենիքէն դուրս սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հայ աշակերտը չզրկելու հայկական կրթութենէն, վարձու դպրոցներուն մէջ։ Յիշեցնենք որ հայ աշակերտները իրենց ամէնօրայ կրթութեան համար կը յաճախեն օտար դպրոցներ,...

Read More

Առցանց Հանդիպում Ն․Ս․Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Երեքշաբթի 1 Սեպտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախօրոք թելադրութեամբ, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ՝ Տիար Սեպուհ Մանճիկեանի եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համաատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Մահսերէճեանի, առցանց հանդիպում մը ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Սրբազան Հայրը որդիական իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հօր իրենց այս առիթը ընծայելուն եւ մօտէն հետեւելուն համար թեմի աշխատանքներուն, դիմագրաուած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Ապա երեսփոխանական Ժողովի ատենապետը՝ Տիար Սեպուհ Մանճիկեան, ամփոփ կէտերու մէջ զեկուցեց, թեմի ներկայ ընդհանուր կացութիւնը եւ Վեհափառ Հօր ուշադրութեան յանձնեց կարգ մը դժուարութիւններ,...

Read More