Շաբաթ 12 Յունուար 2019-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական գրասենեակի վարիչ տեսուչ Հոգշ. Տէր Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանին, պաշտօնական այցելութիւն տուին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց դեսպան Դոկ. Համատ Սաատ Ալ Շամսին։

Սրբազան Հայրը պրն. դեսպանին փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյնը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց յանուն Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ համայնքին պետութեան ցուցաբերած ազնիւ ու հոգատար վերաբերումին էմիրութեանց մէջ։

Աւելի քան մէկ ժամ տեւող հանդիպումը առիթ ստեղծեց ծանօթացնելու պրն. դեսպանին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասին ու յատկապէս ներկայացնելու Վեհափառ Հայրապետին ունեցած կապերը երկրի կառավարիչներուն հետ։

Հանդիպման աւարտին սրբազան հայրը յանուն Վեհափառ Հայրապետին հրաւիրեց դեսպանին այցելելու Կաթողիկոսարան եւ աւելի մօտէն ծանօթանալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։