Հինգշաբթի 17 Յունուար 2019, երեկոյեան ժամը 18:00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ն. Գ. Պրն. Արմէն Սարգիսեան այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը:
Ազգային Առաջնորդարանէն ներս Պրն. Նախագահը դիմաւորուեցաւ թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, Թեմի Ազգային Երեսփոխանական եւ Ազգային Վարչութեանց անդամներու կողմէ, ինչպէս նաեւ ներկայութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի եւ խուռներամ բազմութեամբ:

Այցելութեան սկիզբը ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած յուշարձան խաչքարին դիմաց, ապա Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ գոհաբանական աղօթք որմէ ետք Գերաշնորհ Սրբազանն ու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ուղղուեցան դէպի Սուրէն Գոժագեան սրահ: Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներէն ետք ելոյթ ունեցաւ Թէմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, որ յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, թեմի Ազգային իշխանութեան եւ հաւատաւոր ժողովուրդին ողջունեց վսեմաշուք Պրն. նախագահը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մօտաւորապէս անցնող մէկ տարուայ ընթացքին Ն. Գ. Պրն. Արմէն Սարգիսեանին արձանագրած յաջողութեանց մասին, անդրադառնալով Թաւշեայ Յեղափոխութեան օրերուն, սրբազանը ըսաւ «Հայաստանի արդի պատմութեան մէջ մեծատառ անուններով պիտի յիշուի ձեր ունեցած դերակատարութիւնը, յատկապէս վտանգէ հեռու պահելով երեւանի փողոցները իջած հազարաւոր յեղափոխական ժողովուրդը»: Ապա սրբազան հայրը անդրադարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ գաղութին կողմէ հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերած պատրաստակամութեան կառուցելով Ապու Տապիէն ներս գործող Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ անոնց ունեցած դերակատարութիւնը Հաղարծին վանքի վերանորոգութեան եւ ուրիշ շատ մը այլ անհատական թէ հաւաքական ներդրումներուն որոնք կատարած են Հայրենիքի նկատմամբ:

Խօսքի աւարտին Սրբազան Հայրը յանուն գաղութին անգամը եւս պատրաստակամութիւնը յայտնեց օգտակար դառնալու Հայաստանի Հանրապետութեան բարգաւաճութեան ու ծաղկացման: Ապա յաջողութիւն եւ իմաստուն ղեկավարութիւն մաղթեց Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանրապէս կառավարութեան ու յատկապէս նախագահին: Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ նախադասութեամբ.- «մեզի համար որպէս սփիւռքահայ գաղութ հին կամ նոր Հայաստան գոյութիւն չունի, այլ կայ ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիք, հզօր իր սփիւռքով, վրիժառու իր արցախով, եւ ապահով իր հայկական բանակով»:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ն. Գ. Պրն. Արմէն Սարգիսեանը որ լայնօրէն անդրադարձաւ իր այցելութեան մասին ու յատկապէս անոր ունեցած յաջող ընթացքին: Ան բարձրօրէն գնահատեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ գաղութը որ մեծ վաստակ եւ լաւ տպաւորութիւն ձգած է տարածաշրջանէն ներս: Վսեմաշուք նախագահը իր ելոյթին մէջ 21-րդ դարը բնորոշեց որպէս հայ ժողովուրդի յաջողութեան դար, մատնանշելով որ հայութիւնը Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն է:

Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցան նուէրներու փոխանակում, եւ ապա Պրն. նախագահը ընկերակցութեամբ իր պատուիրակութեան շրջեցան Արա Խանոյեան Ազգային միօրեայ վարժարանը:
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի