Չորեքշաբթի, 9 Յուլիս 2014-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Գաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Մեսրոպ Վարդապետ Սարգիսեան ընկերակցութեամբ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ՝ Պրն. Հրայր Սողոմոնեանի, Ապու Տապի Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Սեդրակ Տէր Մելքոնեանի եւ Ապու Տապիի Եկեղեցաշինութեան Յանձնախումբի անդամ՝ Պրն. Գրիգոր Մահսերեճեանի, այցելեցին Ապու Տապի Լիբանանեան Դեսպանատունը:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումը առիթ դարձաւ, յանուն Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորելու նորանշանակ Դեսպանը շեշտելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ունեցած երախտագիտութիւնը հանդէպ Լիբանանեան Հայրենիքին, մատնանշելով թէ Լիբանանը կարեւոր հանգրուան դարձաւ հայութեան համար մասնաւորաբար Մեծ Եղեռնի աղէտէն ետք: Դեսպանը իր կարգին շեշտեց Հայ համայնքի կարեւորութիւնը եւ անոր ունեցած մեծ դերակատարութիւնը Լիբանանեան կեանքի զանազան մարզերէն ներս:
Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը հանդիպման աւարտին Պրն. Դեսպանի ուշադրութեան յանձնեց թէ՝ Նորին Սրբութիւնը, յառաջիկայ ամիսներուն հովուապետական այցելութիւն պիտի շնորհէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ինչպէս նաեւ բացումը կատարելու Ապու Տապիի համալիրին եւ օծելու Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցին: