Պատմական Ակնարկ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Հայ Գաղութի Մասին

Հոգեշ. Տ. Օշական Վրդ. Չօլոյեան առաջին անգամ 1979 թուականին կ՛այցելէ Շարժա-Տուպայ, Քուէյթի Ազգ. վարչութեան անդամներէն Մելիք Մելիքսէթեանի եւ կարգ մը ազգայիններու հետ, 23 Դեկտեմբեր 1979ին տեսակցութիւն կ՛ունենայ Շարժայի Շէյխին՝ Մուհամէտ Էլ Քասիմիի անձնական խորհրդականին՝ Ապտալլահ Ճումաա Մութաուայի հետ, պաշտօնական տեսակցութեան ընթացքին ան կը խօսի հայութեան համար հաւաքավայր մը ունենալու մասին:

Read More