Ապու Տապիի կառավարութեան փոքրամասնութիւններու գրասենեակի տնօրէնի հրաւէրին ընդառաջելով, Չորեքշաբթի 20 Յունուար 2021-ին առաւօտուն Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան առցանց հանդիպում մը ունեցաւ գրասենեակի տնօրէնին հետ:
Ժողովի ընթացքին գրասենեակի տնօրէն Դոկ․ Մուղիր Ալխէյլի, շնորհակալութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնեց Սրբազան հօր մնայուն գործակցութեան համար:
Սրբազան հայրը իր կարգին, մեծապէս գնահատեց գրասենեակի կողմէ տարուած աշխատանքը, անոնց ցուցաբերած հետաքրքրութիւնն ու օժանդակութիւնը ընդհանրապէս, եւ մասնաւորաբար համաճարակի ընթացքին քորոնավիրուսի դէմ պայքարելու տրամադրուած բոլոր միջոցներուն համար:
Նաեւ այս առիթէն օգտուելով, Սրբազան հայրը իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնեց անցնող շաբթուայ ընթացքին Ապու Տապիի հայ գաղութին յատկացուած քորոնա ժահրի պատուաստ ստանալու գրասենեակի աշխատանքներուն:
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի