​Հինգշաբթի 12 Մարտ 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Այնի Աստուածածին Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, Այն բնակող հայ ընտանիքներուն համար։
​Ապու Տապի Մայրաքաղաքին պատկանող եւ շուրջ 1։30 ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ալ Այն քաղաքին մէջ կը բնակին մի քանի հայ ընտանքիներ, որոնք ընդհանրապէս Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Պատարագին եւ եկեղեցական արարողութեանց կը մասնակցին։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ, Ապու Տապիի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանի գլխաւորութեամբ ինչպէս նաեւ ընդառաջելով Այնի մէջ ապրող հայ ընտանքիներուն բուռն փափաքին Ղպտի ուղղափառ եկեղեցիէն ներս Պատարագ մատուցուեցաւ, ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին։
Հոգշ. Հայր Սուրբը իր պատգամին մէջ փոխանցեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի հայրական ողջոյնները ապա անդրադարձաւ Քառասնօրեայ Պահեցողութեան կարեւորութեան մասին։
Պատարագէն անմիջապէս ետք հաւատացեալները հիւրընկալուեցան տեղւոյն համայնքի անդամներէն մէկու մը տան մէջ որտեղ հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ։
Նշենք որ յառաջիկային աւելի յաճախականութեամբ տեղի պիտի ունենան նմանօրինակ արարողութիւններ եւ այցելութիւններ Ալ Այն գաղութէն ներս։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի