Նախագահութեամբ Ա․Մ․Է․ եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ’ Գերշ․ Տէր Մեսրոպ Եպս․ Սարգիսեանին, Չորեքշաբթի 4 Մարտ 2020-ին, Շարժայի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ Հսկումի արարողութիւն։
Սրբազան Հայրը արարողութեան աւարտին հաւատացեալներուն կատարեց հոգեւոր խորհդածութիւ․ անդրադառնալով ընդհանրապէս մեծ պահոց խորհուրդին ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ Ս․ Հայրերուն կողմէ հաստատուած հսկումի արարողութեան եւ անոր նպատակին շուրջ։
Աւարտին հաւատացեալները հրաւիրուեցան համալիրի Փիէռ Քօսէյեան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ տիկնանց յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած հիւրաիրութիւնը։ Նշենք որ սոյն հիւրասիրութիւնները պիտի շարունակուին հրամցուելու մեր հաւատացեալներուն ամէն չորեքշաբթի հսկումի արարողութեան աւարտին։
Կո՜չ կ’ուղենք մեր հաւատացեալներուն մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելի մեր եկեղեցւոյ Ս․ Հայրերու աղօթքներով։
Թաղականութիւն Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ։