Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի նախագահութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան Տիկնանց յանձնախումբին եւ Թաղական խորհուրդին, երկուշաբթի 6 Յունուար 2020-ին տեղի ունեցաւ Ս. Ծնունդի առիթով ճաշկերոյթ համալիրի Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս ուր ներկայ էին աւելի քան 120 անձեր:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ս. Ծնունդի պատարագի մատուցումը աւարտելէ ետք ժողովուրդը համախմբուեցաւ սրահէն ներս մօտաւորապէս ժամը 2:30-ին , յանձնախումբի ատենապետուհին Տիկ. Թամար Պետրճիկեան բացումը կատարեց ձեռնարկին երկու յանձնախումբերուն անուններով եւ շնորհաւորեց բոլոր ներկաներուն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը մաղթելով իրենց յաջող ու երազներու կատարման տարի:

Սրբազան Հայրը ճաշասեղանը օրհնելէ ետք ներկաները իրենց ճաշերը ստացան:
Դաշնամուրի վրայ Օրդ. Ժաննա Քոչարեան հայկական եղանակներով խանդավառեց մթնոլորտը , տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ շուրջ պարով ձեռնարկը աւարտեցաւ:

Տ. եւ Հ. Է. Տիկնանց Յանձնախումբ
Ս. Գրիգոր Լուս. Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդ