Երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 7-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան՝ առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Շարժայի Յարութ Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմին հետ:
Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պրն. Յարութ Գալմաճեան կատարեց հանդիպման բացումը շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն: Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Վարդուկ Փիլիպոսեան — Գարակիւլլէեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն հանդիպման կազմակերպութեան:
Սրբազան հայրը ողջունելէ ետք ներկաները, առիթ տուաւ որ իւրաքանչիւր ուսուցիչ — ուսուցչուհի ամփոփ կերպով անդրադառնայ 2020 -2021 ուսումնական տարեշրջանի տարուած աշխատանքներուն եւ տպաւորութիւններուն մասին, յատկապէս համաճարակի պատճառով տեղի ունեցող հեռաւոր ուսման դրութեան ու ծրագիրներուն մասին:
Ընդհանրապէս ուսուցչական կազմին արտայայտութիւնները ու տպաւորութիւնները իրենց աշխատանքներուն վերաբերեալ դրական էին, անոնք խոստացան նոյն ոգիով ու խանդավառութեամբ աշակերտները քաջալերելու ու շարունակելու կրթական աշխատանքները, որքան ժամանակ որ համաճարակը առկայ է: Սրբազան հայրը լսելէ ետք ուսուցչական կազմին արտայայտութիւնները, յանուն Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան բարձրօրէն գնահատեց տարուած աշխատանք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն ըսելով՝ «մեծապէս յաջող ընթացք մը կրցած էք ունենալ ու ապահովել առցանց դասաւանդութեամբ, դուք ծրագրաւորելով կրցած էք հեռաւոր դրութեամբ հայեցի դաստիարակութիւնը փոխանցել մեր աշակերտութեան»:
Այս առիթով Սրբազան հայրը գնահատեց հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան կողմէ տարուած բոլոր աշխատանքները, յատկապէս յաջող ընթացք մը ստեղծելու եւ ուսուցիչները պատրաստելու նուիրական այս գործին:
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի