Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Հայ Գաղութի Պատմութիւն

Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու թեմը կազմուած է Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի, Քաթարի, Օմանի, Սուէտական Արաբիոյ հայ եկեղեցւոյ զաւակներէն։ Կ՚ըսուի թէ 16-րդ դարու սկիզբէն հայերը գործի բերումով, բնակած են Ծոցի երկիրներուն մէջ, հայ վաճառականներ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ տեղի ունեցած առեւտուրի հիմնական կազմակերպիչներն էին։ Դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մեծաթիւ գաղթը սկսած է 1975-էն ետք, գաղթը կը շարունակուի մինչեւ օրս, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Պարսկաստանէն, Եգիպտոսէն, Իրաքէն, Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Եւրոպական երկիրներէն, Ամերիկայէն եւ Գանատայէն։ Ուրիշ ազգերու նման, հայեր եւս աշխատանքի բերումով տեղափոխուած են եւ բնակութիւն հաստատած Ա.Մ.Է. մէջ։ Անցեալին այդքան դիւրին չէ եղած աշխատիլ եւ ապրիլ տաք եւ խոնաւ անապատին մէջ, սակայն երկրին տնտեսական կայուն վիճակը, ազատ մթնոլորտը եւ միջազգային ներդրումները ապահոված են գործի անվտանգութիւն եւ հետեւաբար աւելի հանգիստ կենցաղային պայմաններ։ Հայերու հոսքը դէպի Էմիրութիւններ աւելցած է տարուէ տարի։ Վճակագրական տուեալներ չկան ճշգրիտ հաստատելու համար, թէ որքան է Ա.Մ.Է. մէջ ապրող հայերու ընդհանուր թիւը։ Այսօրուան պայմաններով մօտաւոր հաշուարկներով կը գնահատուի 5000-6000։ 1977-ին Տուպայի Սուրբ Երրորդութիւն Անգլիական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է հայ ծէսով առաջին պատարագը, ապա Քուէյթէն եւ Անթիլիասէն պարբերաբար հրաւիրուած են հոգեւոր հովիւներ։ 1979-ին Արաբական Ծոցը դարձաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդութիւն, ենթակայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, նիւթապէս եւ բարոյապէս համարատու անոր։ 1980-ին կազմուեցան Տուպայ-Շարժայի եւ Ապու Տապիի առաջին Ազային Վարչութիւնները, հիմը դրին Շարժայի եւ Ապու Տապիի միօրեայ վարժարաններուն, հայրենիքէն դուրս սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հայ աշակերտը չզրկելու հայկական կրթութենէն, վարձու դպրոցներուն մէջ։ Յիշեցնենք որ հայ աշակերտները իրենց ամէնօրայ կրթութեան համար կը յաճախեն օտար դպրոցներ,...

Read More