Շաբաթ 13 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Ա.Մ.Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Քրիստոսի Տաճար ընծայման Տեառնընդառաջի տօնը։ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիի արարողութեան նախագահեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց, Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան։
Սրբազան Հօր պատգամը կեդրոնացաւ հիմնական երկու կէտերու շուրջ՝
Ա.- Խաղաղութիւնը փնտռել Քրիստոսի մօտ։
Սիմոն ծերունիի օրինակ ունենալ խաղաղութիւնը գտնելու Քրիստոսը գրկելու մէջ, եւ ոչ մեր կեանքը ժամանակաւոր խաբկանքներով զարդարող երեւոյթներով։
Բ.- Աւանդապահութիւն։
Ղուկասու աւետարանի 2-րդ գլուխի 22-38 համարները ներկայացնող դէպքը, արտայայտութիւնն է Մարիամին եւ Յովսէփին Մովսիսական օրէնքի, պահպանութեան երեւոյթ մը որ պէտք է մեզ միշտ քաջալերէ պահելու եւ մեր զաւակներուն փոխանցելու աւանդութիւնները։
Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական հրավառութիւնը, իսկ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցիէն ներս մանուկները ներկայացան Աստուծոյ սեղանին։
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարան