Հինգշաբթի, 27 Փետրուար 2020-ին՝ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները վայելեցին բարեկենդանի տօնակատարութիւնը:
Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս բարձր դասարանի աշակերտուհիները գեղեցիկ կատարումներով խորհրդածութիւն մը ներկայացուցին պատկերներով եւ խաղերով նիւթ ունենալով՝ «մարդը երեւցածին կը նայի՝ բայց Աստուած սրտին կը նայի» (Ա. Թագաւորաց 16:7) Աստուածաշունչ մատեանէն քաղուած սուրբ գրային համարը: Որմէ ետքը կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն ցուցադրուեցաւ իրենց կողմէ պատրաստած՝ բարեկենդանի յատուկ տարազները:
Տօնակատարութեան ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ խմբային խաղերով եւ համեղ հիւրասիրութեան ընթացքով . ապա՝ աշակերտներ եւ ծնողներ յիշատակելի պատկերներ արձանագրեցին իրենց մտքերուն մէջ եւ գոհունակ սրտով վերադարձան տուն:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ
Կիրակնօրեայ Վարժարան