Կիրակի, 20 Մարտ 2016-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եւ Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներէն ներս կատարուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրական արարողութիւններէն դռնբացէքի կարգը:

Ապու Տապիի մէջ Դռնբացէքի արարողութեան նախագահեց Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, արարողութեան մասնակցեցաւ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան:

Այս առիթով Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիէն ներս քարոզեց Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ դռնբացէքի արարողութեան հոգեւոր նշանակութեան ու բարոյական իմաստին:

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի