Հիմնադրութենէն ի վեր՝ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութիւնը կազմեց զանազան յանձնախումբեր, որոնք վարչութեան ցուցմունքներով բազմաթիւ աշխատանքներով կը ծաղկեցնեն գաղութիս կեանքը՝ իւրաքանչիւրը իր ասպարէզին մէջ:

Ներկայիս վարչութեանս հովանիին տակ կ՛աշխատին հետեւեալ յանձնախումբերը:

Դատաստանական խորհուրդ

Դատաստանական Խորհուրդը կ’ունենայ Նախադատ ատեան եւ Վերաքննիչ ատեան, որոնք կը բաղկանան 3 կամ 5 անդամներէ, որոնցմէ մէկը անպայման հոգեւորական պէտք է ըլլայ: Դատաստանական Խորհուրդի անդամները կը նշանակուին երկու տարուան համար Ազգային Վարչութեան կողմէ: Անոնք կրնան վերստին նշանակուիլ: Դատաստանական Խորհուրդի պաշտօնն է ընտանեկան եւ ամուսնական վէճերը քննել եւ լուծել Հայ Եկեղեցւոյ կանոններուն եւ աւանդութեանց համաձայն: Անոր քննած խնդիրները ի հարկին կը վերաքննուին Սրբազան հօր նախագահութեամբ Ազգային առաջնորդարանին վերաքննիչ ատեանին կողմէ եւ ամուսնալուծման որոշումները կը յղուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ կաթողիկոսին, որ կը վճռէ:

Դատաստանական խորհուրդի հետ կապուելու համար կրնաք գործածել հետեւեալ ե-հասցէն j Judicial@EmaHay.com

Երիտասարդական եւ Մարզական Յանձնախումբ

youth

1991-ին գաղութի երիտասարդութիւնը քով-քովի բերելու եւ համախմբելու նպատակով հիմը դրուեցաւ “Հայ Երիտասարդաց Տուն” անունը կրող երիտասարդական միութեան: Հ.Ե.Տ.-ի գործունէութիւնը բնականաբար պիտի ընդգրկէր երիտասարդութիւնը հետաքրքրող աշխատանքներ, ինչպէս մարզական եւ ընկերային ձեռնարկներ:

Այսօրուան դրութեամբ կարելի է հաստատել որ գաղութի երիտասարդութեան պատկերը այն չէ, ինչ որ էր 1990-ական թուականներուն, երբ ուսման պատճառով երիտասարդներ կը հեռանային գաղութէն:

Ներկայիս երիտասարդութեան մեծ տոկոսը կը կազմեն համալասարանաւարտ ու խոստումնալից տարրեր, որոնք կայք հաստատած են այստեղ:

Երիտասարդնութիւնը իբր նոր սերունդ ինքնզինք կազմակերպելու եւ ամրապնդելու հրամայականին տակ կը գտնուի, որպէսզի կարենայ ժառանգել ու վառ պահել այն ջահը որ պիտի փոխանցուի իրենց, շարունակելու համար հայ ժողովուրդին երթը դէպի պայծառ ապագայ:

Ներկայիս գաղութիս մէջ կը գործէ Երիտասարդական Յանձնախումբը, որ կը կազմակերպէ երիտասարդութիւնը հետաքրքրող ձեռնարկներ ու հաւաքներ, որոնք կ’ամրապնդեն երիտասարդութեան կապը գաղութին հետ, ինչպէս նաեւ կը շենցնեն գաղութի կեանքը:

Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան Երիտասարդական եւ Մարզական Յանձնախումբը 20 Նոյեմբեր 2011- էն սկսեալ յաջորդաբար ամէն կիրակի երեկոյեան ժամը 6:00-էն մինչեւ 10:00, Համալիրի Բիէր Քէօսէեան սրահը բաց կը պահէ գաղութի անդամներուն առջեւ այնտեղ ընկերային մթնոլորտ ստեղծելու համար: Այս նպատակի իրականացման ի խնդիր յանձնախումբը հնարաւորութիւն ստեղծած է սրահին մէջ զբաղելու Պէյպի ֆութով , ճատրակով եւ այլ տեսակի խաղերով:

Երիտասարդական եւ Մարզական Յանձնախումբի հետ կապուելու համար կրնաք գործածել հետեւեալ ե-հասցէնYouth@EmaHay.com

Երիտասարդական եւ Մարզական Յանձնախումբի ապագայ ձեռնարկները կրնաք գտնել հետեւեալ կապին վրայ:

Թաղական Խորհուրդ

church

Համաձայն Հայ եկեղեցւոյ կառոյցին ու կանոնագրութեան, ինչպէս որեւէ եկեղեցի, Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին նոյնպէս իր օծման թուականէն սկսեալ օժտուած է Թաղական Խորհուրդով`բաղկացած 5, 7 կամ 9 աշխարհական անդամներէ:

Թաղական Խորհուրդի գործունէութեան ծիրը առաջին հերթին կ’ընդգրկէ եկեղեցւոյ հոգատարութիւնը: Անոնք հոգեւոր հովիւին հետ գործակցաբար աշխատանք կը տանին եկեղեցւոյ (եւ համալիրի) բարեզարդման, անհրաժեշտ կարիքներու ապահովման, եկեղեցական իրեղէններու եւ պիտոյքներու հայթայթման կապակցութեամբ:

Թաղական Խորհուրդը կը զբաղի նաեւ գաղութի փոքրիկներուն եւ մատղաշ սերունդին կրօնական առողջ դաստիարակութեամբ կիրակնօրեայ վարժարանին յարկին տակ:

Եկեղեցւոյ հետ առնչուող նիւթական բոլոր հաշիւները (ազգային տուրքեր, բանկալ, նուիրատուութիւններ, խորհրդակատարութեանց սակեր, եւայլն) կը պահուին Թաղական Խորհուրդի համապատասխան տոմարներուն մէջ, որոնք ի հարկին կը ներկայացուին Ազգային վարչութեան կամ անկէ բխած հաշուեքննիչ մարմիններու ստուգման:

Թաղական Խորհուրդի հետ կապուելու համար կրնաք գործածել հետեւեալ ե-հասցէն ChurchCouncil@EmaHay.com

Հաղորդակցութեան եւ Կայքէջի Յանձնախումբ

web

Համացանցի կայքէջի եւ հաղորդակցութեան կապի գործադիր Յանձնախումբի  առաքելութիւնը այն է հիմնել www.EmaHay.com կայքը ու զարգացնել զայն նորանոր տեղեկութիւններով եւ տարածել կայքը համայնքի անդամներու, յանձնախումբերու եւ Ազգային Վարչութեան: Գործադիր անձնակազմի ընդգծուած աշխատանքները կ՛ընդգրկեն նաեւ  բարելաւել եւ տարածել այլ ծրագիրներ որպէս մասնագիտական ծառայութիւններ մատուցանող կայք: EmaHay.com կայքէջի անձնակազմի նպատակներէն է նաեւ ապահովել համայնքի անդամներուն կամ գործավարներուն յատուկ ցուցմունքներ եւ դասընթացքներ որ կարենան անոնք պահպանել ու հասկնալ այն տեղեկութիւնները որոնք յիշուած են նոյն կայքէջին մէջ:

Համացանցի եւ կայքէջի գործադիր անձնակազմին հետ կարելի է կապ հաստատել ձեր Է-նամակները ուղարկելով հետեւեալ Է-հասցէին՝ Communications@EmaHay.com

Օհաննէսեան Վարժարանի Հոգաբարձութիւն

school

Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանի Հոգաբարձութեան կազմը գաղութիս մէջ նոյնքան վաստակ ունի որքան Հայկական Վարժարանը: Առաջին երկու տարիներուն միայն (1980-1982) վարժարանը մնաց Ազգային Վարչութեան անմիջական հսկողութեան տակ, որմէ ետք 1982-էն մինչեւ այսօր հոգաբարձական կազմերը իրենք իրենց ուսերուն վերցուցած են հայկական վարժարանի պատասխանատու աշխատանքը: Թէեւ Հայկական Վարժարանը առաջին օրէն իսկ դարձած էր ամբողջ գաղութի անդամներուն գուրգուրանքի առարկան, սակայն անոր գործադիր մարմինը միշտ հանդիսացած է հոգաբարձութիւնը, որ իւրաքանչիւր տարուան վերամուտէն մինչեւ ամավերջի հանդէս ամէնօրեայ դրութեամբ տագնապած է դպրոցի կարքիներուն համար: Սկսեալ վարժարանի ուսումնական ծրագրէն, անցնելով աշակերտներուն յատկացուելիք գրենական պիտոյքներէն, դպրոցական տարազներէն, արտադասարանային գործունէութենէն եւ հասնելով մինչեւ սնունդի ընտրութեան եւ ապահովման, վիճակացոյցի, օրացոյցի պատրաստութեան, տարեգիրքի հրատարկութեան եւ դպրոցի հետ կապուած մեծ թէ փոքր որեւէ աշխատանքի իրագործման համար հոգաբարձութիւնը անպայման իր խօսքն ու ցուցմունքը ունի, իւրաքանչիւր նիւթ քննելէ ետք համապատասխան ժողովի օրակարգով:

Հոգաբարձութիւնը համոզուած է, որ Հայկական Վարժարանը Հայ ժողովուրդի ազգային էութիւնը բաղկացնող, սերունդներ դաստիարակող, մտքեր ու հոգիներ կերտող այն հաստատութիւնն է, որուն վրայ կը յենի գաղութը իր ամբողջ ծանրութեամբ եւ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ:

Հոգաբարձութիւնը միշտ ալ սիրայօժար ստանձնած է այդ մեծ պատասխանատուութիւնը:

Օհաննէսեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան հետ կապուելու համար կրնաք գործածել հետեւեալ ե-հասցէնBoardOfTrustees@EmaHay.com

Օհաննէսեան Վարժարանի ապագայ ձեռնարկները կրնաք գտնել հետեւեալ կապին վրայ:

Մշակութային-Գեղարուեստական Յանձնախումբ

cultural

Իր գործունէութեան առաջին իսկ օրերէն, Մշակութային-Գեղարուեստական յանձնախումբի առաջնահերթ  մտահոգութիւնը եղած է հայ մշակոյթի պահպանումն ու տարածումը գաղութին մէջ: Այս գծով կազմակերպած է զանազան ձեռնարկներ հրաւիրելով հայրենի արուեստագէտներ եւ կազմակերպութիւններ:

Մշակութային աշխատանքներով բնորոշուած այս յանձնախումբը, ժամանակի ընթացքին, իր գործունէութիւնը ընդլայնելով կազմակերպած է գեղարուեստական տարբեր բնոյթի աշխատանքներ, ինչպէս` պարախումբ, երգչախումբ, երաժշտական հետաքրքրութիւն եւայլն:

Գեղարուեստական յանձնախումբի գլխաւոր մտահոգութիւնը եղած է տեղական ուժերու յայտնաբերումը, ապա`յայտնաբերուած ուժերով մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպումը, որոնք միշտ ալ սպասուած իրադարձութիւններ եղած են գաղութի կեանքին մէջ:

Գեղարուեստական յանձնախումբը նաեւ միշտ առիթ ստեղծած է բեմ բարձրացնելու եւ լաւագոյնս քաջալերելու գաղութի պատանի ու երիտասարդ այն ձիրքերը, որոնք առիթ ունեցած են հետեւելու որեւէ երաժշտական կրթութեան ու անոնց ելոյթներով յաճախ կազմակերպած է գեղարուեստական զանազան տեսակի ձեռնարկներ (Talent show, եւայլն):

Մշակութային-Գեղարուեստական Յանձնախումբի հետ կապուելու համար կրնաք գործածել հետեւեալ ե-հասցէնCultural@EmaHay.com

Մշակութային-Գեղարուեստական Յանձնախումբի ապագայ ձեռնարկները կրնաք գտնել հետեւեալ կապին վրայ:

Տիկնանց Յանձնախումբ

ladies

Գաղութի ձեւաւորումէն ի վեր Ազգային Վարչութիւնը միշտ գործած է յանձնախմբային դրութեամբ: Յանձնախումբերու միջոցաւ է, որ յառաջ կը տարուի գաղութի մշակութային, մարզական եւ ընկերային կեանքը: Տիկնանց յանձնախումբը 1980-ական թուականներէն սկսեալ իր գործունէութիւնը ծաւալած է գաղութէն ներս`միշտ նեցուկ կանգնելով Ազգային Վարչութեան:

Տարեկան յաճախականութեամբ կրկնուող աւանդական ձեռնարկները միշտ ալ քաջալերուած եւ գնահատուած են գաղութի անդամներուն կողմէ, որոնք ամէն տարի ուրախութեամբ կը սպասեն Ամանորի տօնավաճառին, միջինքին, Valentine’s Day-ին, հայկական խորովածին եւ զանազան տեսակի հասութաբեր ձեռնարկներուն:

Տիկնանց յանձնախումբը ջանք չի խնայեր գաղութի ընկերային կեանքի բարելաւման եւ իր ձեռնարկներով ու աշխոյժ գործունէութեամբ միշտ կը ձգտի գունաւորել ու գեղեցկացնել համայնքի առօրեան:

Տիկնանց Յանձնախումբի հետ կապուելու համար կրնաք գործածել հետեւեալ ե-հասցէն Ladies@EmaHay.com

Տիկնանց Յանձնախումբի ապագայ ձեռնարկները կրնաք գտնել հետեւեալ կապին վրայ:

Բիէր Քէօսէեան Սրահի Խնամակալ Յանձնախումբ

hall

Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութիւնը 2013-2015 տարեշրջանին կեանքի կոչեց Բիէր Քէօսէեան սրահի Խնամակալ Յանձնախումբ, որուն պարտականութիւնն է գեղարուեստական եւ զանազան ձեռնարկներու ընթացքին տնօրինել եւ հսկել ձայնի եւ լոյսի սարքաւորումները սրահէն ներս:

Young Armenian Network (YAN)

yan

YAN-ը մասնագէտ Հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներէ կազմուած խմբակ մըն է որուն հիմնական աշխատանքն է համախմբել եւ գործակցութիւն ցուցաբերել 18-35 տարիքը ունեցող Հայ երիտասարդութեան հետ:
Խմբակը կազմուած է զանազան մարզերէ ներս ներդրում եւ փորձառութիւն ունեցող Հայ մասնագէտներէ, օրինակ՝ հաշուապահութիւն, տնտեսագիտութիւն, առեւտուր, վաճառականութիւն, լրագրութիւն, դեղագործութիւն եւ հանրային քարոզչութիւն:
YAN-ի նպատակն է քարոզչական արշաւով որոնել Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ բնակող մասնագէտ հայ երիտասարդութիւնը: Անոր ծրագիրը կ’ընդգրկէ հաղորդակցութեան ցանցը ծաւալել հայ մասնագէտ երիտասարդութեան:
Համալսարանաւարտ սերունդ մը գոյութիւն ունի Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ որոնք տեղեակ չեն Ազգային Վարչութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան  որոնք պահապաններն ու տարածիչներն են  հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն: Ազգային Վարչութեան հովանաւորութեամբ YAN-ը իր կարելին պիտի կատարէ վերոյիշեալ իրողութիւնը այլափոխելու: