Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2021-ին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան:
Սրբազան հօր պատգամը կեդրոնացաւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան խորհուրդի մասին, մատնանշելով հիմնական երկու կէտէր՝ երկինքէն Աստուծոյ միջոցաւ տրուած առողջութեան եւ Քրիստոսի Ծնունդով աշխարհ բերած խաղաղութեան:
Քարոզին աւարտին Սրբազան հայրը մաղթեց որ 2021 տարին ըլլայ Ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան տարի, ինչպէս նաեւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած որ իմաստութեամբ եւ խոհեմութեամբ ղեկավարուի Հայրենիքն ու Արցախը հեռու մնալով պառակտումներէ:
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ
Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս
Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի