Երկար ամիսներու բացակայութիւնէ ետք Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին վերաբացուեցաւ հաւատացեալներուն դիմաց Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2020 խաչվերացի տօնին առիթով:
Օրուան պատարագիչն էր Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, որ իր պատգամին մէջ հիմնական օրէն անդրադարձաւ անցնող ամիսներուն ընթացքին համաճարակին ստեղծած խուճապին եւ եկեղեցիներու փակման, Փառք ու գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ որ հայ եկեղեցւոյ 5-րդ տաղաւարին առիթով Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դռները անգամ մը եւս վերաբացուեցան հաւատացեալներուն դիմաց եւ Ս. եւ Անմահ Պատարագը կտարուեցաւ ժողովուրդին ներկայութեամբ:
Սրբազան հօր քարոզը կեդրոնացաւ խաչվերացի ու քրիստոսի խաչափայտի կարեւորութեան մասին, ամփոփ պատմական տեղեկութիւն տալէ ետք տօնին հաստատման , հաւատացեալներու ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ 2 կէտերը՝
1. Խաչին յաղթանակը մեղքի դէմ:
2. Խաչը խորհրդանիշ արդարութեան:
Քարոզի աւարտին Սրբազան հայրը իր գնահատանքը յայտնեց Թեմի եկեղեցական դասուն եւ Ազգային իշխանութեան, որոնք անցնող ամիսներուն ընթացքին առցանց միջոցառումներով եկեղեցական արարողութիւնները, կրօնական խորհրդածութիւնները ու ազգային արժէքները կրցան փոխանցել ժողովուրդին տուներէն ներս:
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի