Երեքշաբթի 1 Սեպտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախօրոք թելադրութեամբ, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ՝ Տիար Սեպուհ Մանճիկեանի եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համաատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Մահսերէճեանի, առցանց հանդիպում մը ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ։
Սրբազան Հայրը որդիական իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հօր իրենց այս առիթը ընծայելուն եւ մօտէն հետեւելուն համար թեմի աշխատանքներուն, դիմագրաուած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։
Ապա երեսփոխանական Ժողովի ատենապետը՝ Տիար Սեպուհ Մանճիկեան, ամփոփ կէտերու մէջ զեկուցեց, թեմի ներկայ ընդհանուր կացութիւնը եւ Վեհափառ Հօր ուշադրութեան յանձնեց կարգ մը դժուարութիւններ, որոնք վերջին շրջանին սկսած են մտահոգել ժողովականները։
Սրբազան հայրը աւելի մանրամասնելով թեմի ներկայ իրավիճակը հիմնականօրէն իր զեկոյցը կեդրոնացուց գլխաւոր 3 կէտերու շուրջ՝
1.- Եկեղեցական կեանք
2.- Ազգային կեանք
3.- Տնտեսական կացութիւն
Վեհափառ Հայրեպետը լսելէ ետք Սրբազան Հօր եւ Ատենապետին փոխանցած զեկոյցները, հետեւեալ թելադրութիւնները կատարեց՝
Ա.- Շարունակուին եկեղեցական առցանց արարողութիւնները որպէսզի եկեղեցին մնայուն հոգեւոր սնունդ ջամբէ հաւատացեալներուն։
Բ.- Ազգային կեանքը աշխուժացնել ներկայ պայմաններու հիման վրայ։
Գ.- Դպրոցական կեանքը չի դադրեցնել։
Դ.- Յաջորդ շրջանի համար նախատեսուած Միացեալ Վարչութեան կառոյցի յառաջացման աշխատանքներու շարունակութիւն։
Ժողովի ընթացքին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համաատենապետ՝ պրն. Գրիգոր Մահսերէճեան եւս զեկոյց մը ներկայացուց ընդհանրապէս տնտեսական կացութեան մասին, մասնաւորաբար կեդրոնանալով զոյգ համալիրները եւ եկեղեցիները պահելու ծախսերուն շուրջ, յուսադրելով որ Արաբական Միացեալ էմիրութեանց սահմաններէն ներս ապրող հայ գաղութը ամբողջական մասնակցութեամբ պիտի պահէ զոյգ համալիրները։
Ժողովը իր աւարտին հասաւ գիշերուան ժամը 9։30-ին Վեհափառ Հօր թելադրութիւններու լոյսին տակ ներկայ կացութեան ստեղծած դժուար պայմանները շրջանցելով եկեղեցին եւ ազգային կառոյցները մնայուն կերպով ժողովուրդին հետ ըլլալու։
Դիւան Առաջնորդարանի