Կազմակերպութեամբ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Տիկնանց յանձնախումբին Չորեքշաբթի, 24 Յունիս 2020-ին յետմիջօրէին ժամը 4:00-ին տեղի ունեցաւ հայրերու տօնին նուիրուած առցանց հանդիպում:
Հանդիպման ընթացքին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը իր պատգամը փոխանցեց եւ իրեն ուղղուած հարցումներուն պատասխանեց, հանդիպման նաեւ ներկայ էր Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Ատենապետ՝ Պրն. Սեպուհ Մանճիկեանը որ իր կարգին պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:
Յայտագիրը սկիզբ առաւ տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Թամար Պետրճիքեանի բացման խօսքով, ուր շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան հօր եւ Ազգային Երեսփոխանական ժողովի ատենապետին հայրերու տօնին առիթով նուիրուած տիկնանց յանձնախումբի ձեռնարկին մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Սրբազան հօր արտասանած խօսքին Ապու Տապիի Շէյխ Զայէտ մեծ մզկիթէն , Զայէտ մարդասիրական ծառայութեան օրուան առիթով:
Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ հիմնական օրէն անդրադարձաւ գլխաւոր երեք կէտերու շուրջ՝
1. Հայրական հասկացողութիւնը Աստուածաշնչական սկզբունք ունի, Աստուծոյ եւ անոր մարդացել Որդիին միջոցաւ ցուցաբերուած հայրական կատարեալ ու ամբողջական սիրոյ , զոհողութեան եւ գրգուանքին ճամբով:
2. Հայրական հասկացողութիւնը արեւելեան մշակոյթէն ներս եւ արեւմտեան մշակոյթէն ներս:
3. 21- րդ դարու հայրական հասկացողութիւնը, հին սերունդին եւ նոր սերունդին միջեւ:
Ապա հերթականութեամբ տիկնանց յանձնախումբի անդամուհիները հարցումներ ուղղեցին Սրբազան հօր եւ օրուան հիւրին Պրն. Սեպուհ Մանճիկեանին:
Պրն. Ատենապետը իրեն ուղղուած հարցումներու ընդմէջէն հիմնականօրէն հայրութեան դերակատարութեան մասին խօսելով , անդրադարձաւ հօր ֆիզիկական ու բարոյական ներկայութեան ընտանիքին կեանքէն ներս: Որպէս գաղութի հին սերունդէն մին, գնահատեց անցնող տարիներու ընթացքին գաղութին կազմակերպական ու վարչական կեանքէն ներս ցուցաբերուած հայրական խնամքին յատկապէս շրջանէն ներս կառուցուած զոյգ համալիրներու շինութեամբ:
Նաեւ արտայայտուելով տիրող ներկայ կացութեան եւ գալիք ամիսներու ազգային կեանքի գործունէութեան,
մատնանշեց թէ օրուայ պայմաններուն համաձայն խորհրդակցաբար Ազգային Վարչութեան հետ, ինչպէս անցնող ամիսներուն ընթացքին տեղի ունեցան առցանց ծրագիրներ աւելի յաճախականութեան պիտի շարունակուի նմանօրինակ յայտագիրներ մինչեւ բնականոն կեանքի վերադարձը:
Սրբազանը հայրը իրեն ուղղուած հարցումին պատասխանելով թէ ներկայ կացութիւնը ազդեց ժողովուրդը եկեղեցիէն հեռանայ, օրուան յայտագիրը իր աւարտին հասաւ:
Սրբազան հայրը պատասխանելով իրեն ուղղուած վերջի հարցումին նախ պատմական ակնարկութիւն մը տուաւ եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութեան հայ ժողովուրդի ամենաճակատագրական պահերուն երբ յատկապէս բացակայ հայ իշխանութեան ներկայութիւնը: Խօսքին մէջ մատնանշեց Սրբազան հայրը ըսելով՝ «Հայ եկեղեցին ու հայ հոգեւորականը հայ ժողովուրդի կեանքէն անբաժան մասնիկը կը կազմեն, այսօրուայ ստեղծուած արտակարգ այս դրութիւնը ճիշդ է որ եկեղեցւոյ դռները փակեց ժողովուրդի ֆիզիկական ներկայութեան դիմաց, սակայն եկեղեցին իր պատերէն դուրս հանելով համացանցի ստեղծած դրութիւններէն օգտուելով, կրցաւ իւրաքանչիւր տուն եկեղեցիի վերածել ու ժողովուրդի կեանքէն ներս ամրապնդել հաւատքը եւ Աստուածային յոյսով զօրացնել անոնց հոգիները պայքարելու նման օրինակ երեւոյթներու դիմաց»:
Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց
Տիկնանաց Յանձնախումբ