Ուրբաթ 26 Յունիս 2020-ի Առաւօտուն, Ապու Տապիի Առաջնորդանիստ՝ Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ։
Պատարագի աւարտին նախագութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան եւ Օծման 25-րդ Ամեակին առիթով։
Սրբազան Հայրը օրուան պատգամին մէջ անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երանաշնորհ հայրապետներուն տարած վիթխարի աշխատանքին, անոնց իրագործած բազմաթիւ յաջողութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ դողած անչնչելի դրոշմին մասին։
Սրբազան Հօր քարոզը հիմնականօրէն կեդրոնացաւ, անցնող 25 տարիներու ընթացքին, Ազգընտիր Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրով, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ունեցած դերակատարութեան՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի կեանքէն ներս, Նորին Սրբութեան ունեցած առաջնահերթ աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ համաշխարհային յարաբերութեանց, միջ եկեղեցական եւ միջ կրօնական գործընթացքի յաջողութեանց, ազգային ու եկեղեցական կեանքի վերելքի, մտաւորական ու գրական համագումարներու եւ հրատարակութիւններու զարգացման, շինարարական իրագործման եւ շատ մը այլ մարզերէն ներս արձանագրած բացառիկ յաջողութեանց ու նուաճումներուն, որուն իբրեւ արդիւնք Անթիլիասի կաթողիկոսարանը վերածուեցաւ սփիւռքահայութեան կարեւոր կեդրոններէն մին։
Ապա Սրբազան Հայրը, իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնելով, գաւազանակրութեան պաշտօնին ընդմէջէն որպէս ականատես, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գործերուն, ըսաւ թէ'”անկրկնելի եւ եզակի անձնաւորութիւն մըն է Արամ Ա. Կաթողիկոսը Կիլիկիոյ Աթոռին դարաւոր պատմութեան մէջ, որ 25 տարիներ շարունակ հովուեց հայ ժողովուրդը որպէս բարի եւ քաջ հովիւ”։
Ապա Սրբազան Հայրը յանուն Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հոգեւոր դասուն, Ազգային Իշխանութեանց եւ գաղութի ժողովուրդին շնորհաւորեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան եւ օծման 25 Ամեակը, մաղթելով երկարամեայ գահակալութեան տարիներ, քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն, որպէսզի իր հայրապետական մականով բազում բազում տարիներ առաջնորդէ Հայ եկեղեցին եւ Հայ ժողովուրդը դէպի լուսաւոր ապագայ։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի