Օհաննէսեան Հայկական Միօրեայ Վարժարան

Հիւսիսային Էմիրութեանց առաջին Ազգային Վարչութեան գլխաւոր ու առաջին աշխատանքը եղած է հիմնել Հայկական Միօրեայ Վարժարանը, որ սկսած է 1980-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Շուրջ 18 տարի վարժարանը ունեցած է թափառական բնոյթ: Վարձուած են տարբեր դպրոցներ որոշ ժամանակի մը համար եւ օգտագործուած`շաբաթը մէկ օր իբրեւ հայկական դպրոց: 1998-ին Համալիրի կառուցումով Հայկական Վարժարանը վերջապէս ունեցաւ իր սեփական շէնքը եւ այդ թուականէն ի վեր վերանուանուեցաւ` “Օհաննէսեան Հայկական Վարժարան”, որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն գաղութիս բարերար պրն. Յարութ Օհաննէսեանի դպրոցին համար կատարած իշխանական նուիրատուութեան: Ինչպէս որեւէ Հայկական վարժարան, Օհաննէսեան Վարժարանը նոյնպէս ամէն միջոցի կը դիմէ լաւագոյնս դաստիարակելու համար գաղութի մատղաշ սերունդները: Վարժարանի ծրագրին մաս կը կազմեն հայերէն լեզու, հայոց պատմութիւն, մշակոյթ, երգ եւ երաժշտութիւն, կրօն եւ զանազան նիւթեր որոնք աղերս ունին հայկական իրականութեան հետ: Վարժարանը բաղկացած է երեք հիմնական բաժիններէ` 1. Մանկապարտէզ.- Երեք տարեկանը ամբողջացուցած իւրաքանչիւր աշակերտ կը սկսի յաճախել Օհաննէսեան Հայկական Վարժարան եւ աւարտելէ ետք մանկապարտէզի երեք դասարանները (Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ) կը ստանայ համապատասխան վկայական: 2. Նախակրթարան. – Մէկ տարի նախապատրաստական դասարանէն ներս պատրաստուելէ ետք, աշակերտը կը սկսի նախակրթարանի վեց ամեայ դասընթացքներուն: 3. Միջնակարգ. — Երեք տարիներու վրայ երկարող այս վերջին բաժնով վարժարանը կը փորձէ առաւելագոյն գիտելիքներով զինել հայ աշակերտը: Աւարտական դասարանի աշակերտներուն համար վարժարանը նոյնիսկ կրցած է ապահովել անոնց մասնակցութիւնը Armenian Virtual College (AVC)-ի բարձրագոյն դասընթացքներուն: Վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը կը գործեն կամաւոր դրութեամբ, հաւատալով Հայկական վարժարանի անփոխարինելի առաքելութեան: Անոնք իրենց հոգեկան վարձատրութիւնը կը ստանան նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան...

Read More

Հոգաբարձութեան Խորհուրդ

Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն դարձած է Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց հայ համայնքին հոգածութեան եւ գուրգուրանքի առարկան : Իրերայաջորդ հոգաբարձական կազմի անդամները եղած են հոգալու համար վարժարանին բոլոր կարիքները ու պէտքերը:

Read More