Երկուշաբթի, 9 Մարտ 2015-ին երեկոյեան ժամը 5:00-ին, ԱՄԷ եւ Քաթարի թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան ընկերակցութեամբ Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Յանձնախումբի անդամներուն այցելեցին Ապու Տապիի Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատունը եւ հանդիպում ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Պրն. Գեղամ Ղարիպճանեանի հետ:

Հանդիպման նիւթը ընդհանրապէս կեդրոնացաւ ԱՄԷ եւ տարածաշրջանէն ներս նշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն շուրջ: Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Յանձնախումբի ատենապետ՝ Պետրոս Պետրճիքեան ներկայացուց թեմին մէջ իրագործուելիք եւ իրագործուած ծրագիրները: Այս հարցին շուրջ որոշուեցաւ որ յառաջիկայ Մայիս ամսուայ ընթացքին, Հայաստանի  Հանրապետութեան Դեսպանութեան եւ ԱՄԷ եւ Քաթարի Ազգային Առաջնորդարանին համագործակցութեամբ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց Եկեղեցիէն ներս յատուկ յայտագրով ոգեկոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակը ներկայութեամբ օտար երկիրներու դեսպաններու, եւ քրիստոնեայ քոյր համայնքներու հոգեւոր պետերու եւ եկեղեցականներու ներկայութեամբ:

Յառաջիկային ձեզ աւելի մանրամասն կերպով տեղեակ կը պահենք վերոյիշեալ ծրագրին մանրամասնութիւնները:

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի