Ուրբաթ, 16 օգոստոս 2013-ին, Շարժայի միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Շարժա-Երեւան «Էր Արապիա» օդանաւային ընկերութեան առաջին թռիչքին:

Բացման հանդիսութեան պաշտօնական հրաւէրով իր մասնակցութիւնը բերաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանը: Հայր սուրբը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց յիշեալ ընկերութեան տնօրէնութեան յիշեալ նախաձեռնութեան համար, որ գործնապէս պիտի դիւրացնէ Շարժայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց հայ թէ օտար համայնքներու ճամբորդութիւնը դէպի Հայաստան:

Նշենք, որ Շարժան երրորդ մեծ Էմիրութիւնն է, ուր աւելի քան քառասուն տարիներ առաջ հայկական համայնք մը ստեղծուած է եւ 1998-էն ի վեր շրջանին մէջ կը գտնուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ու համալիրը, ինչպէս նաեւ շաբաթօրեայ «Օհաննէսեան» վարժարանը: