«Հայ դպրոցը կը պատկանի շրջանի բոլոր հայութեան» ըսաւ Հայր Մեսրոպ Սարգիսեան

Շաբաթ, 18 Մայիս 2013-ին Ապու Տապիի British Club-ի մէջ տեղի ունեցաւ Ապու Տապիի Հայկական Միօրեայ Վարժարանի ամավերջի հանդէսը: Շուրջ երկու ժամ տեւող հանդիսութեան ընթացքին տեսչութեան եւ ուսուցչական կազմի կողմէ պատրաստուած յայտագրով հանդէս եկան վարժարանի աշակերտները, ներկայացնելով պարեր, ասմունքներ, երգեր եւ պարախառն թատրոն: Օրուան հանդիսավարն էր Տիկ. Մարալ Պալապանեան: Բացման խօսք կատարեց Տիկ. Արփի Պաղոս, Արժ. Տէր Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան ներկայացուց տեսչութեան խօսքը անդրադառնալով անցնող 2012 -2013 տարեշրջանին դպրոցական կեանքին հետզհետէ աճող վերելքին: Ապա Ազգային Վարչութեան խօսքը արտասանեց պրն. Սեդրակ Տէր Մելքոնեան, ան գնահատական խօսքով անդրադարձաւ դպրոցի աշխատանքներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի ուսուցչական կազմին:

Վկայականաց բաշխման հանդիսութեան արարողութեան աւարտին, փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը, ան իր խօսքին մէջ գնահատեց Տէր Հօր անձնուէր ծառայութիւնը անցնող երեք տարեշրջաններու ընթացքին կատարած վարժարանի տեսչութեան պաշտօնը, բարձրօրէն գնահատեց ուսուցչական կազմի նուիրումը եւ բոլոր այն ծնողները որոնք իրենց զաւակները Հայկական դպրոց կ’ուղարկեն, իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ, որ ամավերջի հանդէսը չպատկանիր միայն դպրոց յաճախող աշակերտներու ծնողներուն, այլ ամբողջ համայնքի զաւակներուն5 որոնք իրենց ներկայութեամբ պէտք է պատուեն ու քաջալեր հանդիսանան: Ան գնահատեց դպրոցի ուսանողութիւնը, ուսուցչական կազմը ու ըսաւ «Հայոց դպրոցը նուիրեալ առաքելութիւն մը ունի որ կը կատարէ Ապու Տապիի Հայութեան կեանքէն ներս: Արդարեւ մեր բոլորի մասնակցութիւնը կարեւոր է այս ծիրէն ներս, միշտ պէտք է քաջալերել ու զօրավիգ կանգնիլ հայ դպրոցին»: Պահապանիչով վերջ գտաւ հանդէսը: