Կիրակի 12 Մայիս երեկոյեան ժամը 7¬ին Սրբ.  Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Կաթողիկոսական Փոխանորդը եւ Տուպայի ու Հիսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան անդամները հանդիպում ունեցան շրջանէն ներս գտնուող Հ.Օ.Մ¬ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ տիկ. Անի  Քէշիշեանի հետ:

Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին Ազգային վրաչութիւնը ներկայացուց գաղութային կեանքը, անոր ներքին գործերը ու բաժանումները. Ինչպէս նաեւ նիւթ դարձան հայութեան թուային աճումը շրջանէն ներս, ազգային ու եկեղեցական կարիքները գոհացնելու իմաստով տարուած աշխատանքներուն ու ձեռնարկներուն մասին:

Հ.Օ.Մ¬ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը իր կարգին Ազգային Վարչութեան ներկայացուց Հ.Օ.Մ¬ի տարած աշխատանքները ու ծրագիրները, Հ.Օ.Մ¬ի կարեւոր դերակատարութիւնը եւ անոր տարած գործունէութիւնը անցնող աւելի քան 100 տարիներուն ընթացքին, սփիւռքի ու հայաստանի տարածքներուն: