Ուրբաթ 26 Յուլիս 2013-ին, նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի տեղի ունեցաւ Խաղողի Օրհնութիւն Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ:

Քարոզի ընթացքին Հայր Սուրբը անդրադարձաւ մեր Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային գրականութեան եւ շարականներուն մէջ Աստուածամօր կարեւորութեան շեշտաւորումի մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Աստուածամօր մայրութեան տիպարութեան եւ անոր ստանձնած զոհողութեան, հաւատքին ու նուիրումին մասին: Պատարագին հոծ ժողովուրդի ներկայութեամբ իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը:

Նշենք թէ տարիներու փորձառութենէ մեկնելով Աստուածամօր վերափոխման տօնը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ կը տօնուի Յուլիս ամսուայ վերջին Շաբաթը, նկատի ունենալով ժողովուրդի բացակայութիւնը երկրէն Օգոստոս ամսուայ ընթացքին: