Նախագահութեամբ թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի Հինգշաբթի, 19 Փետրուար 2015-ին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ համալիրէն ներս գումարուեցաւ ԱՄԷ եւ Քաթարի Թեմի նորընտիր Ազգային Երեսփոխանական 21-րդ ժողովը:

Ժողովի սկիզբը ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Սրբատառ Կոնդակը հաստատելով նոր թեմի գոյութիւնը բաժնելով զայն Քուէյթի թեմէն:

Ապա ժողովը ընտրեց իր մնայուն դիւանը՝

Ատենապետ — Պրն. Հրայր Սողոմոնեան
Փոխ Ատենապետ — Պրն. Վահէ Երէցեան
Ա. Քարտուղար — Արժ. Տէր Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան
Բ. Քարտուղար — Պրն. Սեպուհ Մանճիկեան

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի օրակարգը կը բաղկանար նախորդ Ազգային Վարչութեանց նիւթաբարոյական տեղեկագիրներու ներկայացում եւ քննարկում, նորակառոյց Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւն, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի աշխատանքներու համադրում, կանոնագրի պատշաճեցման յանձնախումբի նշանակում, Յուլիս ամսուայ ընթացքին Միւռօնօրհնութեան Ուխտագնացութիւն դէպի Լիբանան, եւ Ազգային Վարչութեանց ընտրութիւն:

Ժողովը իր վերջին օրակարգով յառաջիկայ երկու տարիներուն համար Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի տարածաշրջանին համար ընտրեց Ազգային Վարչութիւնները:

Ապու Տապի

Տիկ. Արփի Պաղոս
Օրդ. Անիթա Շահմիրզայեան
Պրն. Բագրատ Պալապանեան
Պրն. Յակոբ Արսլանեան
Պրն. Մաթիկ Մանուկեան
Պրն. Վարուժ Ճուլֆայեան
Պրն. Ռաֆֆի Խանոյեան

Փոխանդամ՝    Պրն. Ռաֆֆի Սիմոնեան
Պրն. Սեպուհ Թուխմանեան

Տուպայ եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններ

Տիկ. Ծաղիկ Մելիքսէթեան — Պէրպէրեան
Տիկ. Թամար Չուխաճեան — Գաւլաքեան
Տիկ. Վիքթորիա Մանուկեան — Փիլիպպոսեան
Օրդ. Արին Պզտիկեան
Պրն. Թինօ Չիֆթճեան
Պրն. Հենրիկ Արթունեան
Պրն. Նազար Չաթալեան
Պրն. Հրաչ Մանճիկեան
Պրն. Մուշեղ Պետիրեան

Փոխանդամ՝    Պրն. Պարոյր Գալմաճեան

Քաթար

Պրն. Րաֆֆի Շեմմէսեան
Պրն. Սթիւ Գարամարտեան
Պրն. Նազօ Տէր Սարգիսեան
Պրն. Վահէ Հաւանճեան
Պրն. Վազգէն Քիւրքճեան
Պրն. Սերճ Սապունճեան
Պրն. Կարէն Գոլաճեան

Երեսփոխանական Ժողովը կարեւորութեամբ շեշտեց որ յառաջիկայ չորս տարիներու ընթացքին միջոցներ գտնել Տուպայէն ներս Հայկական կեդրոն մը ունենալու:

Փակման խօսքին մէջ Հոգշ. Հայր Սուրբը բարձրօրէն գնահատեց Ազգային Երեսփոխանները որոնք բծախնդրութեամբ իրենց մտածումները փոխանցեցին ու առաջարկները ներկայացուցին յառաջիկայ չորս տարուայ գործունէութեան: Հայր Սուրբը նաեւ անդրադարձաւ Տուպայէն ներս կեդրոն մը ունենալու անհրաժեշտութեան, երիտասարդութեան կարեւորութեան, մանկապատանեկան ծրագիրներու մշակման, եւ շրջանէն ներս ելեկտրոնային թերթ մը ունենալու հրամայականին:

Ժողովը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին:

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի