Ուրբաթ, 18 Փետրուար 2016-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի տարածաշրջանէն ներս, Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց Եկեղեցիներէն ներս մեծաշուք կերպով նշուեցան Քրիստոսի յաղթական մուտքը դէպի Երուսաղէմ խորհրդանշող Ծաղկազարդ-ի տօնը:

Ս. եւ Անմահ Պատարագին նախագահեց թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան իսկ օրուան պատարագիչն էր, Ազգային Առաջնորդարանի հրաւէրով Աւագ Շաբթուայ համար Անթիլիասէն ժամանած Հոգշ. Տէր Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան:

Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Ծաղկազարդի թափօրը մանուկներուն եւ հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ: