Չորեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2013-ին Տուպայի մէջ Լիբանանեան հիւպատոսարանի յատուկ հրաւէրով, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ ՝ Հոգեշնորհ Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան մասնակցեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութեան:

Հանդիսութիւնը առիթ դարձաւ նորանշանակ հիւպատոսին ծանօթանալու եւ անոր յայտնելու Հայ համայնքին պատրաստակամութիւնը Լիբանանի հիւպատոսարանին հետ գործակցելու:

Այս առիթով Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը յանուն Ազգային ժողովականութեան եւ համայնքին շնորհաւորելէ ետք պրն. Հիւպատոսը անկախութեան տօնին առիթով փափաք յայտնեց յառաջիկային ազգային իշխանութեան եւ երեսփոխաններու ընկերակցութեամբ այցելել Լիբանանի հիւպատոսարանը եւ աւելի գործակցութիւն ցուցաբերել հիւպատոսարանին հետ: