Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2014-ին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւնը խուռներամ հաւատացեալներու ներկայութեամբ:

Հոգեշնորհ Հայր Սուրբ օրուան իր պատգամին մէջ ընդգծեց լոյսի խորհուրդին անհրաժեշտութիւնը որ Աստուծոյ որդին իր աշխարհ գալով լոյս սփռեց համայն մարդկութեան: «Այսօր անգամ մը եւս Աստուածային այդ լոյսին ճառագայթները եկեղեցիէն մեր տան երդիկները կը տանինք լուսաւորելու, Քրիստոսի լոյսը առաջնորդ դարձնելով մեր կեանքին»: Ապա անդրադարձաւ օրուան դէպքին մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման եւ իր խօսքը ուղղելով հաւատացեալներուն ըսաւ՝ «Տաճարի ընծայումով  չմկրտուած երեխաները արդէն իսկ քրիստոսի լոյսով կը լուսաւորուին: Հինէն եկած այս աւանդութիւնը վառ պէտք է պահել որպէս հաւատարիմ երեւոյթ Քրիստոսի ծնողքէն անցնելով ներկայ ծնողքներուն»:

Արարողութեան աւարտին դպրաց դասին ընկերակցութեամբ հանդիսապետութեամբ Հայր Սուրբին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական հրավառութիւնը: