Շարժայի Ամերիկեան համալսարանը տարեկան կը կազմակերպէ “Համաշխարհային Օր», առիթը ընծայելով ուսանողներուն ներկայացնելու իրենց երկրի աւանդութիւնն ու մշակոյթը. Ձեռնարկին մասնակցութիւն կը բերեն Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց տարբեր գաղութի ներկայացուցիչներ քաջալերելով իրենց ազգակից ուսանողներուն տաղաւարները:

Ամերիկեան Համալսարանի Հայ Մշակութային ակումբը ամէն տարի կը մասնակցի իւրայատուկ ձեռնարկին 2009թ. ի վեր:  Ակումբին հիմնական նպատակն է մասնակից դարձնել Շարժայի Ամերիկեան Համալսարանի հասարակութիւնը հայ մշակոյթին, եւս առաւել ցուցահանդէսը առիթը կ՛ընծայէ կապ ստեղծելու հայոց պատմութեան եւ տեղեկութիւն տալու հայոց ցեղասպանութեան ողբալի երեւոյթին մասին:  Տաղաւարը կը յարդարուի ակումբին կողմէ հայկականութիւն բուրող արուեստի պատկերներով:  Այս տարի, տաղաւարը կը խորհրդանշէր «Սարդարապատ» յուշարձանը, որու ետին կանգնած էր Արարատ լեռը, Խոր Վիրապը, Զուարթնոց Եկեղեցւոյ  փլատակ սիւնները որոնք ցուցանիշ են մեր պատմութեան եւ արմատներուն:

Այցելուներ հայ տաղաւարԷն հմայուած Սարդարապատի յուշարձանին եւ Արարատ լերան պատկերին դիմաց նկարուեցան եւ արդիական դրութեամբ ստացան իրենց նկարները:  Առաւել պատրաստուած էր հայկական աւանդական ճաշեր՝ մրջնաբոյն, սարմա, իչ եւ եւյլն: Հընայով գծուեցաւ այցելուներու անունները հայկական տառերով, որ պատճառ հանդիսացաւ առաւել  ներգրաւել այցելողներուն խանդավառութիւնը:  Ձեռնարկին վաճառուեցան յատուկ յուշանուէրներ որոնց վրայ տպագրուած էին «ՀԱՅ» անունը, ինչպէս նաեւ հայ մշակութային ակումբի լօկօն:  Օհաննէսեան Հայկական Միօրեայ վարժարանը երաշխաւորած էր ձեռնարկը, պատրաստելով յատուկ գազակներ որ կը կրէր «Համաշխարհային Օր» պատկերը որոնք հրամցուեցան տաղաւարներու մէջ աշխատող անձնակազմին կողմէ աշակերտներուն եւ այցելողներուն:

Ուսանողները ներկայացուցին Սարդարապատ հայկական պարը: Յաջորդաբար հանդէս եկան Արաբներ երգով՝  «Տելէ Եաման» . Սա ինքնին առիթ էր ծանօթացնելու բոլոր ներկաներուն հայ ժողովուրդին անցեալի վերքերը, որ մեծ արձագանք ձգած էր:

Աւելի քան 50 հայեր, այցելած էին, անոնց  շարքին էին Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանի աշակերտները: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց որոնք իրենց աջակցութիւնը բերին ձեռնարկի յաջողութեան եւ լիայոյս ենք որ յառաջիկայ տարի կը շարունակուի նորանոր ծրագիրներով ցուցահանդէսը:

Նախագահ եւ հիմնադիր Հայկական Մշակութային Ակումբ

Սալբի Պապիկեան