Ուրբաթ 31 Յունիս 2015-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցաւ խաղողօրհնութեան արարողութիւնը:

Այս առիթով Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ու Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցող արարողութեանց հանդիսապետեց ու յաւուր պատշաճի ու պատգամեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան: Ան իր պատգամին մէջ խօսեցաւ ճշմարիտ որթատունկի՝ քրիստոսի եւ ճշմարիտ մշակի՝ Աստուծոյ մասին:

Նշենք թէ տարիներու աւանդութիւն դարձած է շրջանէն ներս խաղողօրհնէքի արարողութիւնը կատարել Յուլիս ամսուայ վերջին շաբաթը, նկատի ունենալով ժողովուրդի արձակուրդի մեկնումը Օգոստոս ամսուայ ընթացքին:

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի