Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան 9-11 Փետրուար 2016-ին, ընկերակցութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի Ազգային Վարչութեանց ատենապետերուն Պրն. Մուշեղ Պետիրեանի, Պրն. Բագրատ Պալապանեանի եւ Պրն. Սթիւ Գարամարտեանի միասնաբար ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ու Թեմական Առաջնորդներու եւ Ազգային Իշխանութեանց ներկայացուցիչներու հանդիպումին:

Յայտնենք թէ 9 Փետրուարին տեղի ունեցած ժողովը Կաթողիկոսական Կրօնական ժողովի յատկացուած օրն էր որուն մասնակցեցաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Հայր Սուրբը, իսկ 11 Փետրուարին Հայր Սուրբին միացան ազգային Վարչութեանց ատենապետերը որոնք մասնակից դարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ժողովի եւ Թեմակալ Առաջնորդներու հանդիպումին նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

Դիւան

Ազգային Առաջնորդարանի