Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, Չորեքշաբթի, 9 ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու անդամները, թեմակալ առաջնորդները եւ հրաւիրեալ մասնակիցներ գումարեցին 100-ամեակի ծրագիրները համադրող համագումար մը: Համագումարը լսեց վեհափառ հայրապետին պատգամը, ծանօթացաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 100-ամեակի ծրագիրներուն եւ քննարկեց կիլիկեան թեմերու 100-ամեակի յանձնախումբերու զեկուցումները:

Համագումարին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Քաթարի թեմը ներկայացուցին Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգեշնորհ Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան եւ  Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Արա Քէօսէեան: