Ուրախութեամբ կու գանք մեր գաղութի անդամներուն յայտնել, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին բարձր տնօրինումով, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի շրջաններուն համար Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակուած է Հոգեշնորհ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան:

Ստանձնելու համար շրջանէս ներս իր պարտականութիւնը, Հայր Սուրբը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պիտի ժամանէ Երեքշաբթի 19 Մարտ 2013-ին :

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայր Սուրբին Կենսագրական տուեալները`

Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, ծնած է 24 Օգոստոս 1983-ին, Գամիշլի, Սուրիա։ Աւազանի անունով Ուրարտու։
Նախնական ուսումը ստացած է Գամիշլիի  Ազգ. Եփրատ վարժարանին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք  ընդունուած է 1997-ին եւ աւարտելով դպրեվանքեան իննամեայ Հայագիտական ու Աստուածաբանական ուսման ընթացքը, կուսակրօնութեան ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած է 14 Մայիս 2006-ին եւ յարած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբանութեան, վերակոչուելով Տ. Մեսրոպ Աբեղայ։
Անցնող եօթը տարիներուն, Հոգեշնորհ Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն ներս վարած է հետեւեալ պաշտօնները.-

  • Ուսուցիչ՝  Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինէն ներս։
  • Գաւազանակիր՝  Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Հայրապետին։
  • Հոգեւոր խորհրդատու՝ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Միութեան  (ՀԵՀՈՄ)։
  • Վարիչ՝ Երիտասարդական բաժանմուքի։
  • Հոգեւոր խորհրդատու՝ Հայ Համալսարանաւարտներու Համախորհուրդի։

2006-2007 տարեշրջանին, Հոգեշնորհ Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանը,  Լիբանանեան Համալսարանէն ներս, հետեւած է Արաբական Գրականութեան։

Անցնող երկու տարիներուն, Հայր Սուրբը, Holy Spirit University of Kaslik (USEK) համալսարանէն ներս, կը հետեւէր Աստուածաբանական դասընթացք-ներու։

Գաղութիս անունով, բարի Գալուստ եւ օրհնաբեր ծառայութիւն կը մաղթենք Հայր Սուրբին:

Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց
Ազգային Վարչութիւն