Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2014 առաւօտեան ժամը 11:00-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, իր հետ ունենալով Քաթարի Ազգային Վարչութեան անդամները եւ գաղութի կարգ մը ազգայիններ, պաշտօնական տեսակցութիւն ունեցաւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար՝ դոկտ. Խալէտ Պըն Աթիէ-ի հետ:

Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին Հոգշ. Հայր Սուրբը յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Քաթարի Ազգային Վարչութեան եւ Հայ համայնքին, իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Քաթարի պետութեան հայ համայնքին հանդէպ ցուցաբերած ջերմեռանդութեան եւ հիւրընկալութեան անցնող աւելի քան 50 տարիներու ընթացքին:

Հանդիպման գլխաւոր նպատակն էր, առաջին հերթին վերյիշեցնել Վեհափառ Հօր տրուած խոստումը Հայ համայնքին շնորհուելիք հողաշերտին եկեղեցի կառուցանելու համար: 2011 թուին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Քաթարի պետութեան եւ իշխանին հիւրը եղած էր պաշտօնական հրաւէրով, երկրի իշխանէն պահանջած էր հողաշերտ մը եկեղեցի կառուցելու համար եւ օրին խոստում ստացած էր Քաթարի իշխանէն: Երկրորդ Հայր Սուրբին այցելութիւնը առիթ էր որ արտաքին գործոց նախարարին յանձնէ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ շնորհակալագիրը: Հայր Սուրբը արտաքին գործոց նախարարին միջոցաւ յանձնեց երկրորդ նամակ մը եւս ուղղուած երկրի իշխանին: Այս առիթով կ’ուզենք յայտնել թէ եկող ամիսներու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութիւն պիտի շնորհէ Քաթարի իշխանին յատուկ հրաւէրով: Ապա՝ հանդիպման ընթացքին Հայր Սուրբը անդրադարձաւ անցնող աւելի քան 40 տարիներու հայ համայնքին ցուցաբերած հաւատարմութիւնը ու նուիրումը երկրին նկատմամբ զանազան մարզերէ ներս, նշելով որ հայ ժողովուրդը սփիւռքի տարածաշրջանին իւրաքանչիւր երկրի մէջ ուր որ գտնուած է եղած է այդ երկրին անբաժան մասնիկը: Այս իմաստով նախարարը բարձրօրէն գնահատեց Հայ համայնքին ունեցած դերակատարութիւնը երկրէն ներս:

Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ խնդրեց պրն. նախարարէն որ դէպի Քաթար մուտքի արտօնագիրները դիւրացնելու կարելիութիւնը ստեղծել հայութեան համար, մասնաւորաբար նկատի առնելով այս օրերուն հայութեան կեցութիւնը միջին արեւելքէն ներս եւ տիրող քաղաքական ծանր կացութիւնը:

Հանդիպման աւարտին Հոգշ. Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. նախարարին իր ցուցաբերած ջերմ ու մտերմիկ ընդունելութեան եւ հասկացողութեան համար: