Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2014-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան Քաթար մեկնեցաւ ուր տեսակցութիւններ պիտի ունենայ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ հետապնդելու համար համայնքին խոստացուած հողաշերտը:

Հոգշ. Հայր Սուրբը իր քաթար տեւողութեան ընթացքին ազգայիններու հետ նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ կազմակերպելու եւ աշխուժացնելու համար համայնքի կեանքը: Այս առիթով Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2014-ին Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատղաճի քարոզէ: