Չորեքշաբթի 15 Հոկտեմբեր 2014-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանի, Ազգային Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ՝ Պրն. Հրայր Սողոմոնեանի եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Արա Քէօսէեանի պաշտօնական այցելութեամբ գտնուեցան Տուպայի Լիբանանեան հիւպատոսարանէն ներս: Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին Հոգշ. Հայր Սուրբը խօսեցաւ Լիբանանեան կեանքէն ներս հայ համայնքին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին, անոնց ունեցած ներդրումը երկրի զարգացման եւ յատկապէս քաղաքական մարզէն ներս հայ համայնքին պատկանող նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն ունեցած դերակատարութիւնը լիբանանի պետական ու քաղաքական ծիրէն ներս:

Պրն. Հիւպատոս՝ Սամի Նմէյր իր հերթին անդրադարձաւ Հայ համայնքի մասին դրուատելով հայութեան ունեցած դիրքն ու կեցուածքը Լիբանանեան հայրենիքին նկատմամբ: Ան նաեւ մատնանշեց Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Հայ համայնքի աշխուժութիւնը որոնք սիրալիր ու ջերմ յարաբերութեանց մէջ են Տուպայի  Լիբանանեան հիւպատոսարանին հետ:

Հայր Սուրբին տուած պաշտօնական այցելութեան նպատակն էր տեղեկացնել Պրն. Հիւպատոսը որ 4-14 Դեկտեմբեր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհելիք հովուապետական այցելութեան մասին շրջանէն ներս, եւ այս իմաստով հիւպատոսարանը մասնակից դարձնել նշանակալից եւ պատմական այցելութեան: