Շաբաթ 22 Փետրուար 2020-ին, Շարժայի Օհաննէսեան եւ Ապու Տապիի Արա Խանոյեան Ազգ. Վարժարաններէն ներս կազմակերպութեամբ հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ աշակերտական Բուն Բարեկենդանի Տօնակատարութիւնը։

Աշակերտները ծպտուեցան զանազան կերպարներով, մեծ ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ զանազան խաղերով նշեցին օրուան տօնը։

Շրջանի զոյգ հոգեւոր հովիւները ամփոփ կերպով աշակերտներուն բացատրեցին օրուան տօնը եւ փոխանցեցին խոհուրդը Բուն Բարեկենդանին։ Այս առիթով բարի ծոմապահութիւն կը մաղթենք մեր աշակերտութեան ծնողներուն եւ գաղութի զաւակներուն արժանացնելով Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան։