Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, 18-19 Յունուար 2016-ին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած Արաբական Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդի  ժողովներուն:

Արաբական Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդը վերջին տարիներու ընթացքին ստեղծուած է շրջանէն ներս պետական ճանաչում ունեցող բոլոր քրիստոնեայ համայնքներուն կարիքները քննարկելու եւ լուծումներ առաջադրելու համար:

Երկու օրերու վրայ երկարած Խորհուրդի ժողովներուն ընթացքին տեղի ունեցան ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան անդամ ընտրուեցաւ Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան:gulf_church_meeting