Հիմնուելով Ազգային Երեսփոխանական ԺԹ Լիագումար Ժողովի որոշումին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Ազգային զոյգ վարչութիւնները աշխատանքի լծուեցան շրջանէն ներս մարդահամար կատարելու:

Այս իմաստով յատուկ յանձնախումբեր նշանակուեցան զոյգ վարչութեանց կողմէ, իւրաքանչիւրը իր շրջանին համար՝ որոնց վստահուեցաւ մարդահամարի աշխատանքը կազմակերպել:

Աշխատանքը արդէն սկսած է եւ յառաջիկայ ամիսներուն մէջ այս աշխատանքը իր աւարտին կը հասնի եւ համայնքը պիտի ունենայ ԱՄԷ մէջ ապրող հայ բնակչութեան թուական քանակը: