Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2013-ին ՝ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Եպիսկոպոս Չարեան ընկերակցութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգեշնորհ Տէր Մեսրոպ Վարդապետ Սարգիսեանին եւ ներկայութեամբ շրջանի Հոգեւոր Հովիւին այցելութիւն մը շնորհեցին Ապու Տապիի Մուսաֆահ շրջանէն ներս կառուցուող նորակերտ Ս. Նահատակաց եկեղեցին, ուր մօտէն հետեւեցան հետզհետէ տարուող աշխատանքները Եկեղեցւոյ եւ համալիրին:

Սոյն այցելութեան ընթացքին ներկայ էին Ապու Տապիէն ազգայիններ ինչպէս նաեւ նոր Ջուղայի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Ատենապետ: