interveiw-with-berit-thrbjornsurdԵրկուշաբթի, 21 Մարտ 2016 առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարանի գրասենեակէն ներս, թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, հարցազրոյց մը ունեցաւ Նորուէկիոյ Օսլոյի համալսարանէն ներս դասախօս՝ Berit Thorbjornsrud-ի հետ:

Սոյն հարցազրոյցին նպատակն էր դասախօսին տեղեկացնել ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը ու յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կատարած առաքելութիւնը:

Հանդիպման աւարտին Հոգշ. Հայր Սուրբը առիթը ունեցաւ նաեւ դասախօսին ցոյց տալու Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրը եւ մանրամասնութիւններ փոխանցելու անոր հանգրուանային  շինարարական աշխատանքներուն մասին եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ու համալիրի գոյութեան անհրաժեշտութիւնը:

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի