Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2020-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմէն ներս, նշուեցաւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական առաջին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան 22-րդ տարեդարձը:
Այս առիթով եկեղեցիէն ներս տեղ ունեցող հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, ուր իր պատգամին մէջ հիմնական օրէն անդրադարձաւ եկեղեցւոյ գործունէութեան կարեւորութեան մասին, մատնանշելով որ 21-րդ դարու հայ հոգեւորականը եկեղեցին իր պատերէն անդին տանելու հրամայականին տակ կը գտնուի այսօր:
Ինչպէս նաեւ Սրբազան հայրը քարոզին աւարտին յատուկ կերպով իր գնահատանք ու շնորհակալութիւնը յայտնեց, անցնող տարիներու ընթացքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ համալիրի առաքելութեան յաջողութեան մասնակից դարձող, հոգեւոր հայրերուն, ազգային իշխանութեան եւ բարերարներուն, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին որոնք մնայուն քաջալերող հանդիսացած են համալիրի յաջող յարատեւութեան:
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի