Նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի 28 եւ 29 Փետրուար 2020-ին, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական (ԻԸ) Ը ժողովը, ներկայութեամբ Թեմի Հոգեւոր դասուն, երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Համաատենապետ Պրն. Գրիգոր Մահսերէճեանի:
Աղօթքով սկիզբ առաւ ժողովը ապա՝ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամներէն Պրն. Վահէ Հաւանճեանին որ անցնող ամսուայ ընթացքին յանկարծամահ եղաւ Տոհայի մէջ: Ժողովը բացուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ուղարկած պատգամի ընթերցումով, որմէ ետք Սրբազան Հայրը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ժողովը: Սրբազան Հայրը իր բացման խօսքին մէջ ողջունելէ ետք ներկաները եւ յաջողութիւն մաղթելէ ետք անոնց, վեր առաւ հիմնական 4 մտահոգութիւններ որոնք կը կազմեն Թեմի գործունէութեան մարտահրաւէրները , հետեւեալ հերթականութեամբ ժողովականներուն ուշադրութեան յանձնեց՝ ազգային եւ եկեղեցական կեանքը, երիտասարդութեան եւ տնտեսական կացութեան նկատմամբ ունեցած մտահոգութիւնները եւ առաջարկները, որպէսզի ժողովը 4 մարզերուն նկատմամբ յատուկ ուշադրութիւն դարձնէ յառաջիկայ տարիներուն գործունէութեան:
Ազգ. երեսփոխանական ժողովի Ատենապետ Պրն. Սեպուհ Մանճիկեան բարի գալուստ մաղթեց ժողովականներուն, որմէ ետք հրաւիրեց կեդրոնական վարչութեան Համաատենապետ Պրն. Գրիգոր Մահսերէճեան իր խօսքը փոխանցելու ժողովականներուն ապա ժողովը իր դիմաց ունեցած օրակարգով շարունակեց երկօրեայ աշխատանքները:
Ազգային երեսփոխանական 8-րդ ժողովը կազմելէ ետք հաշուեքննիչ եւ բանաձեւի յանձնախումբերը, սկիզբ առաւ Ազգային Առաջնորդարանի օրակարգով, ուր ներկայացուեցաւ տարեկան հաշուական զեկոյցը , Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25 ամեակը եւ Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւնը, ապա տեղի ունեցաւ Թեմէն ներս գործող 3 Ազգային վարչութեանց նիւթաբարոյական տեղեկագիրներու ներկայացումը եւ քննարկումը , ժողովը ուշադրութեամբ մտիկ ընելէ ետք իւրաքանչիւր շրջանի տեղեկագիրը, պարտն ու պատշաճ քննարկումները կատարելէ ետք գնահատեց Ազգային վարչութեանց գործունէութիւնը եւ թելադրութիւնները կատարեց յառաջիկայ տարուայ գործունէութեան առաւել յաջող ընթացքին համար , ապա ժողովը շարունակեց իր օրակարգը:
Երեսփոխանական ժողովի աւարտին Պրն. Ատենապետը նախ քան խօսքը Սրբազան Հօր փոխանցելը իր շնորհակալութիւնները յայտնեց մասնակիցներուն եւ Սրբազան Հօր եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ գործունէութեան, ապա խօսքը փոխանցեց Սրբազան Հօր որ իր կարգին գնահատեց Ազգային երեսփոխանական ժողովի ցուցաբերած լրջութիւնը ժողովի ընթացքին, յատկապէս անոնց մօտեցումը աւելի բարւոք առաջարկներով նոր գործունէութեան հորիզոն մը ստեղծելու շրջանէն ներս, ան գնահատեց տարուած աշխատանքները եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ գործունէութեան նորանոր նուաճումներ արձանագրելով եկեղեցական եւ ազգային կեանքէն ներս:
Ժողովը փակուեցաւ Շաբաթ, 29 Փետրուար գիշերուայ ժամը 10:00-ին:
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի