Շաբաթ, 29 Փետրուար 2020-ին Ազգային Երեսփոխանական ժողովը որ իր տարեկան 8-րդ լիակատար ժողովը կը գումարէր Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, դադրեցնելով օրակարգի աշխատանքները Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընկերակցութեամբ այցելեցին Օհաննէսեան Ազգ. Միօրեայ Վարժարանը:
Սոյն այցելութիւնը առիթ ստեղծեց երեսփոխանական ժողովի անդամներուն մօտէն ծանօթանալու դպրոցական առօրեայ կեանքին եւ ականատէս ըլլալու տարուած աշխատանքին, այս առիթով վարժարանի ուսանողները երգերով եւ ասմունքներով ելոյթ ունեցան:
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարնի