Կիրակի, 9 Սեպտեմբեր 2012 ին Տուպայի եւ Հիւսիսային էմիրութեանց Ազգային Վարչութիւնը, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժն. Տէր Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանի նախագահութեամբ քաղաքավարական այցելութիւն մը կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Գեղամ Ղարիբջանյանի եւ Հիւպատոս Պրն. Մարատ Մելիքեանի կողմէ:
Այցելութիւնը առիթ դարձաւ հայրենիքի եւ գաղութին մէջ յուզող հարցերու մասին անդրադառնալու, յատկապէս վերջերս Սուրիահայ գաղութի զաւակներուն կրած ծանր պայմանները, որուն դիմաց Սփիւռքը եւ Հայրենի իշխանութիւնը ամէն ճիգ կը թափեն օգտակար հանդիսանալու:
Փոխադարձ սիրոյ յարգանքի արտայայտութիւնները եւ համագործակցութեան իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնելէ յետոյ Ազգային Վարչութեան խնդրանքին ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Գեղամ Ղարիպջանեան վերանկախացման 21-րդ տարեդարձին առիթով պիտի բանախօսէ Շարժայի Փիէր Քէօոսէեան սրահին մէջ անկախութեան նուիրուած ձեռնարկին Շաբաթ, 29 Սեպտեմբեր 2012ին երեկոյեան ժամը 19:00-ին: