Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2013 երեկոյեան ժամը 7-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Ազգային երեսփոխաններու եւ վարչական կազմի անդամներուն, պաշտօնական այցելութիւն շնորհեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան։

Պրն. դեսպանը բարի գալստեան խօսքին մէջ անդրադարձաւ սփիւռքի տարածքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նշանակալից դերակատարութեան ու բազմաբնոյթ աշխատանքներուն մասին: Ան վկայեց որ «Անթիլիասը կը ծառայէ Հայ հաւատքի տարածման կողքին Հայ մշակոյթի պահպանման տեսիլքով, հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելով նորահաս սերունդին: Հայ ժողովուրդի նուիրական դատին ճանաչողութիւնը եւ պահանջատիրութիւնը քարոզելով»:

Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը իր հերթին իր ուրախութիւնը յայտնեց ու հաստատեց որ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան գոյութիւնը անհրաժեշտութիւն է, նշելով անոր քաղաքական առաքելութեան դերակատարութիւնը։ Ան ըսաւ «Հայկական դեսպանատունը մեր բոլորին տունն է անխտիր, երբ Հայոց դեսպանատունը կը գտնուինք Հայրենիքի մէջ կը զգանք մենք զմեզ։ Սփիւռքահայութեան կեանքը օտար հողերու վրայ, Հայրենիքի ազատութեան գաղափարով կերտուեցաւ։ Ճիշդ է որ մենք Հայաստան ծնելու բախտաւորութիւնը չունեցանք, սակայն ուր որ գտնուեցանք Հայաստանը տարինք մեզի հետ եւ Հայաստանը ծնցուցինք օտար երդիքներու մէջ, այս գիտակցութեամբ սերունդներ դաստիարակուեցան Հայրենիքի ու սփիւռքի մէջ եռագոյն դրօշի հասկացողութեամբ»։
Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումը առիթ դարձաւ խօսելու շրջանի եւ ընդհանրապէս Հայաստանի մասին։