Շաբաթ, 20 Ապրիլ առաւօտեան Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան իր առաջին այցելութիւնը շնորհեց Օհաննէսեան Հայկական  Միօրեայ Վարժարանը։

Աշակերտներու հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, Հայր Սուրբը մատնանշեց հայկական դպրոցին անհրաժեշտութիւնը ու կարեւորութիւնը շրջանէն ներս, ուր հայ մանուկին ու պատանիին կը փոխանցուի  եկեղեցական, ազգային ու պատմական գիտելիքներ։  Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր հոս հաւաքուած ենք հայեցի դաստիրակութիւն ստանալու, հայ դպրոցը պէտք սիրել ու յաճախել, կու գանք մեր ինքնութիւնը կերտելու սփիւռքի այս տարածաշրջանին մէջ։ Մենք ճիշդ է հայաստանի մէջ չի ծնանք սակայն ուր որ գացինք մեր եկեղեցիներով ու դպրոցներով նոր հայաստան կերտեցինք ու հայութեան շունչով մեծցանք»։

Կաթողիկոսական Փոխանորդ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ըսելով՝ « սիրելի աշակերտներ այսօր մենք հոս կը գտնուինք, որորվհետեւ ասկէ 98 տարիներ առաջ մեր կամքէն անկախ պատճառներով տարագրուեցանք մեր հողերէն, այսօր եկեղեցի կը գտնուինք նախ աղօթելու մեր տարիքին մէջ գտնուող այն հայ մանուկներուն ու պատանիներուն համար որոնք անապատի կիզիչ արեւին տակ զրկուեցան տունէ, դպրոցէ ու չարչարուեցան ու նահատակուեցան իրենց ինքնութիւնը պահելու։ Այսօր մենք այդ անապատի պատանիներուն ու մանուկներուն շարաւիղն ենք օտար օճախներու մէջ մեր դիմագիծը պահելու համար»։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Այս առիթով Հայր Սուրբը յատուկ իր գնահատանքը ու շնորհակալութիւնը յայտնեց ծնողներուն որոնք իրենց մանուկները հայկական դպրոց կ՛ուղարկեն հայեցի դաստիարակութիւն ստանալու համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն որոնք կամովին,  մեծ զոհողութեամբ ու նուիրումով իրենց ժամանակը կը տրամադրեն հայ աշակերտին ներաշխարհը թրծելու հայկական արժէքներով։  Խօսքի աւարտին աշակերտները Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին ընկերակցութեամբ ճերմակ մեխակ զետեղեցին յուշարձան խաչքարին առջեւ Ապրիլեան Եղեռնի զոհերու յիշատակին ։

Նշենք թէ ասկէ երկու շաբաթներ առաջ Հայր Սուրբը այցելեց նաեւ Ապու Տապիի Հայկական վարժարանը եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ դպրոցի ներքին կեանքին ու դասաւանդութեանց։