Պատմական Ակնարկ Ապու Տապիի Հայ Գաղութի Մասին
Տասնեակ տարիներու ընթացքին, հայ երիտասարդներ եւ ընտանիքներ, իրենց գործերուն բարելաւման հետամուտ, ժամանեցին Ապու Տապի եւ հակառակ պանդխտութեան եւ հայկական աւանդական միջավայրի չգոյութեան, անոնք յանձն առին ամէն տեսակի զոհողութիւն՝ ապագային բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելու հեռանկարով։ Ի տարբերութիւն այլ երկիրներու սակայն, հոս եկողները բոլորն ալ նպատակ ունէին մի քանի տարի աշխատելէ ետք վերադառնալ իրենց ծննդավայրը եւ կամ հաստատուիլ հոն ուր ապագան աւելի փայլուն պիտի ըլլար, ուր համախմբուած հայութիւն եւ հայկական միջավայր պիտի գտնէին։ Այլ խօսքով, Ապու Տապին դէպի բարեկեցիկ ապագայ տանող ճանապարհին ժամանակաւոր հանգրուան մըն էր։ Բայց՝ շնորհիւ այս հիւրընկալ երկրի բարենպաստ պայմաններուն, եւ այդ օրերուն նախագահ (այժմ հանգուցեալ) Շէյխ Զայէտ Պին Սուլթան Ալ Նահեանին, Ապու Տապի ժամանակաւոր կերպով եկող հայերը մնացին իրենց ակնկալածէն աւելի երկար ժամանակ, ինչ որ մեծ յաջողութիւն արձանագրեց եւ հիմքը դրաւ Ապու Տապիի Հայ Գաղութին։ 1976-ին խումբ մը երիտասարդներ արդէն ստեղծած էին գաղութային կեանքի կորիզ մը Ապու Տապիի մէջ, բաղկացած յանձինս Պերճ Աբրահամեանի, Հրաչ Արզումանեանի, Վարդան Ինկիլիզեանի, Կարօ Սատըգճեանի եւ Գրիգոր Ճէրէճեանի։ Արդարեւ, 1979-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ, Անթիլիասէն Ապու Տապի այցելութեան եկաւ Գերպ. Տ. Օշական Ծ. Վրդ. Չօլոյեան, (այժմ Գերշ. Տ. Օշական Արք Եպս. Չօլոյեան)։ Ան Ապու Տապիի մէջ գտաւ պարարտ հող՝ մշակելու եւ կազմակերպելու հայութիւնը։ Արդէն գոյութիւն ունէր Կիրակնօրեայ Վարժարան մը Վարդան Ինկիլիզեանի անհատական նախաձեռնութեամբ, ուր աշակերտները Հայոց լեզուն եւ կրօնը կը սորվէին։ Տեղի ունեցան հանդիպումներ, գաղափարներու փոխանակումներ եւ պատրաստակամութիւն, որոնց իբր արդիւնք, Ապրիլ 1980-ին, նշանակուեցաւ Ապու Տապիի...
Read More